ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արդէն երկրորդ օրն է Արցախի ամբողջ տարածքը զրկուած է կազէ, որովհետեւ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած Շուշի-Լիսագորի հատուածին մէջ, 8 Մարտին վնասուած էր Հայաստանէն Արցախ կազ հասցնող մայր կազատարը, սակայն ատրպէյճանական կողմը թոյլ չի տար մօտենալ եւ վերանորոգութեան աշխատանք կատարել:
«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ադրբեջանական կողմը թոյլ չի տալիս, որ «Արցախգազ» ընկերութեան մասնագէտները եւ Արցախի իրաւապահ մարմինները հասանելիութիւն ունենան վթարի վայր, մինչեւ այժմ որեւէ յստակ տուեալ չկայ` վթարը տեղի է ունեցել տեխնիկական խնդիրների պատճառով, թէ ուղիղ պայթեցուել է ադրբեջանցիների կողմից», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։
Ան հաւանական կը նկատէ, որ ատրպէյճանական կողմը պարզապէս պայթեցուցած ըլլայ կազատարը: Երկու օր առաջ երեկոյեան, Ատեփանակերտի` Շուշիին յարող թաղերէն պայթումի ձայն լսուած էր: Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) եւս հաւանական կը նկատէ յարձակումի վարկածը՝ իբրեւ կազամատակարարման խափանման պատճառ:
«Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից նոյնպէս միջոցներ են ձեռնարկւում` խափանման պատճառները պարզելու, այդ թւում` Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից հնարաւոր դիւերսիոն կամ վնասարար դրսեւորումները եւ յանցաւոր արարքները վեր հանելու ուղղութեամբ», կը նշուի ԱԱԾի հաղորդագրութեան մէջ:
Այսօր արցախցի սակրաւորները փորձեցին վնասուած կազատարի տարածքը ականազերծել, որպէսզի յետագային վերանորոգութիւնը կարելի ըլլայ, սակայն ատրպէյճանցիները արգիլեցին անոնց մօտենալ:
Արցախի տարածքային կառավարման նախարարութիւնը յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները կը բանակցին, որպէսզի հայկական կողմը կարենայ մտնել վթարի վայր:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Արցախի մէջ շուրջ 110 հազար արցախցիներ կ՛ապրին: Կապոյտ վառելիքը հասանելի էր բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ, միայն Ստեփանակերտը, ըստ «Արցախգազ»ի, կազով մատակարարուած է 97 տոկոսով, բոլոր ենթակառուցուածքները՝ այս կամ այն ձեւով կազէն կախեալ են, առ այդ այժմ բազմաթիւ մարդասիրական հարցեր ստեղծուած են։
«Այսօր Արցախում, մի շարք դպրոցներում, երեխաներն ուղղակի ոչ պատշաճ ջեռուցման պայմաններում են դասընթացը կազմակերպում, կրճատուել է դասաժամի ընթացքը` 45 րոպէից որոշ դպրոցներում հասնելով 30 րոպէի, որպէսզի մի կողմից` չընդհատուի եւ չխախտուի երեխաների կրթութեան իրաւունքի պատշաճ իրացումը, եւ միւս կողմից` հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը», յայտնեց Գեղամ Ստեփանեան:
Կազամատակարարման խափանման պատճառով ուտելիքի, որոնց կարգին հացի փուռեր չեն կրնար գործել, թաքսի ծառայութիւնները եւս հարցի դիմաց են, կ՛ըսէ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: Թոյլ չտալ, որ կազատարը նորոգուի, ամէն օր կրակել Արցախի խաղաղ բնակիչներուն ուղղութեամբ․ Գեղամ Ստեփանեան այս բոլորը կը նկատէ Արցախը առանց հայերու տեսնելու ատրպէյճանական նպատակի վկայութիւն:
«Ադրբեջանական կողմը խաղաղութեանն ուղղուած որեւէ գործնական քայլ չի իրականացրել մինչեւ այսօր», շեշտեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը: