ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Շուքը բնութեան բարիքներէն մէկն է, մարդուն մորթը արեւու մերկ ճառագայթներէն պաշտպանող ու փրկող: Մորթի քաղցկեղի բազմաթիւ պարագաներ շուքի պակասի, կամ արեւու ճառագայթներուն անարգել մորթին մէջ թափանցելուն եւ պատճառած խոր այրուածքին արդիւնքն են:
Այն զովութիւնը որ շուքը կը պատճառէ ծառին տակ նստած մարդուն, մանաւանդ ամրան եղանակին, եդեմի դրախտին վայելքը կը յիշեցնէ:
Յատկապէս գիւղական շրջաններուն մէջ հանդիպած ենք առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօր իրենց դաշտը հերկող մշակներու, որոնք մէկ ժամուան ճաշի դադարի համար ծառի մը տակ նստած` իրենց ծրարները բացած կը ճաշակեն տունէն բերուած մէկ պատառ հացը: Անոնք միաժամանակ պաշտպանուած ըլլալով արեւու ճառագայթներէն` կը վայելեն հովասուն ծառի շուքին հանգստացուցիչ օդը, որովհետեւ քիչ ետք դարձեալ պիտի վերադառնան իրենց աշխատանքին, հեղձուցիչ արեւուն տակ:
Գրականութեան մէջ կան բազմաթիւ պատկերներ, որոնք անուղղակի բացատրութիւններ են կեանքի որոշ երեւոյթներու մասին: Անոնցմէ շատերը շուքի պատկերը օգտագործած են, զայն ներկայացնելով իբրեւ մարդու անբաժան ընկերը: Մարդուն ամէնէն մտերիմ ընկերակիցն է շուքը, արդարեւ, որ բնաւ չի՛ լքեր զինք: Այսինքն, ուր որ երթայ մարդը, շուքը միշտ կ՛ընկերակցի անոր, անձնուրաց բարեկամի մը պէս, որ բնաւ չի հեռանար անկէ:
Գրականութեան տողերէն այլ պատկեր մը, սեփական շուքէն «վախնալու» երեւոյթը կը ներկայացնէ, նկարագրելու համար ինքնավստահութեան պակաս ունեցող անձի մը հոգեկան իրավիճակը: Շուքը ի՞նչ է, որ անկէ վախնայ մարդ, այս բառին ամբողջական իմաստով: Լոյսի անշօշափելի խաղ մըն է շուքը, որ թանձրական իրերու շարժումին հետ կը տեղափոխուի, կ՛երկարի կամ կը կարճնայ, աւելի մութ կամ բաց գոյն կը ստանայ, սակայն միշտ մէկ մասով միացած կը մնայ թանձրական իրականութեան` նիւթի մը կամ կենդանի մարմնի մը:
Վերոյիշեալ «վախ»ին աւելի մեղմ տեսակը մարմինի սրսփումն է, կամ թեթեւակի դողը, զոր մարդիկ կը զգան մութին մէջ: Գիշեր ատեն իր սեփական տան դուռը բանալով ներս մտնող անձը, մինչեւ լոյսի կոճակին սեղմելը զգուշութեամբ կը զննէ շրջապատը, մանաւանդ ուշադիր ըլլալով այն շուքերուն, որոնք տան կահ-կարասիներէն կամ այլ առարկաներէ ձգուած կ՛ըլլան մինչեւ իր քով:
Զգուշաւորութեան նոյն զգացումը կ՛ունենան մարդիկ գիշեր ատեն, երբ իրենց սեփական ննջարանին մէջ արթննան եւ դեռ լոյսը չբացուած ուզեն պատրաստուիլ գործի երթալու: Այդ սենեակը իրենց համար շատ հարազատ տեղ է, ուր ցերեկ աչքով միշտ եղած են եւ իւրաքանչիւր առարկայի տեղը գոց գիտեն: Սակայն դարձեալ, անոնք զգուշութեամբ կը քալեն, երբ դեռ լոյս չեն վառած սենեակին մէջ: Աւելին, արդէն սովորական դարձած շուքերը, որոնք տեղի իրերէն կ՛երկարին, ծանօթ են իրենց: Սակայն դարձեալ այդ շուքերը կը զննեն, անոնցմէ իւրաքանչիւրին ստացած ձեւը անասունի կամ այլ իրի մը նմանցնելով:
Շուք բառը նաեւ հանդիսաւորութեան եւ հեղինակութեան իմաստով կը գործածուի մեր լեզուին մէջ: Պալատական եւ եկեղեցական թափօրներուն միշտ կը տրուի «հանդիսաւոր շուքով» նկարագրութիւնը, իսկ հեղինակութիւն ունեցող բարձր պաշտօնատարներու կազմած խումբը կը կոչենք «շքախումբ»: Եկեղեցական թափօրներու կամ պալատական փողերախումբի անցքը ժողովուրդին մէջէն, շքերթ կը կոչուի: Դեռ աւելին, պաշտօնական շէնքի մը գլխաւոր դուռը կամ հաստատութեան մը դարպասը կը կոչուի «շքամուտք»: Վերոյիշեալ բոլոր կոչումները հեղինակութեան վրայ շեշտադրումներ են, եւ յարգանք կը պարտադրեն շրջապատին: Վստահաբար տեսեր էք, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցականաց թափօրի շքերթի պահուն հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ կը խաչակնքեն իրենց դէմքը կամ արքայական շքերթներու պահուն ինչպէս ոստիկանութիւնը կը հսկէ կարգապահութեան, որպէսզի ժողովուրդէն մէկը չկարենայ մօտենալ եւ շքերթի հեղինակութեան վնասել իր անպատասխանատու մէկ արարքով: Թէեւ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք նոյնիսկ կարգապահական խիստ ջոկատներուն մէջէն կը յաջողին թափօրին վրայ ջուր թափել կամ հաւկիթ նետել կամ գէթ անարգական խօսքեր արտասանել, ներկայ աշխարհի մարդկային իրաւանց թոյլատու կանոններէն օգտուելով:
Անհատական հեղինակութիւն արտայայտելու համար եւս կրնանք գործածել շուք բառը: Օրինակ, խօսակցական մեր լեզուին վրայ բուսած պատկերներէն մէկն է «շուքը ծանր է» կարճ նախադասութիւնը: Ընտանեկան յարկէն սկսեալ մինչեւ մարդկային ընկերութեան լայն շրջանակ, ոմանց համար կը գործածուի այս խօսքը, որ տուեալ անձին նկատմամբ յարգանքի գերազանց արտայայտութիւն է: Յարգուած եւ քիչ մըն ալ խիստ բնաւորութեամբ մարդոց կը տրուի այս կոչումը: Այս տեսակ մարդոց հետ ընդհանրապէս կարելի չէ՛ կատակել, անպատշաճ նիւթերով զրոյցներու բռնուիլ կամ խանգարել անոնց անհատական կեանքը:
Վերոյիշեալ բոլոր իմաստներէն տարբեր, մեր սեփական շուքը կրնայ մեզ լքել: Տարօրինակ երեւոյթ է այս, որովհետեւ շուքը կը հեռանա՞յ մեզմէ:
Այո՛, կը հեռանայ շուքը մեզմէ, երբ ամբողջական խաւար տիրէ: Խոր մթութեան մէջ շուք չի՛ մնար, այլ խաւարը իր սեւ վարագոյրը ամէնուրեք կը պատէ:
Հոգեբանական իրավիճակի մը տրուած պատկերաւոր բացատրութիւն է այս: Մարդը զգացական էակ մը ըլլալով, միշտ ենթակայ է արտաքին ազդեցութեանց, որոնք կրնան փոփոխութեան ենթարկել իր տրամադրութիւնը: Մարդկային միտքը ինքնանկախ վիճակ մը կը պարզէ, սակայն անիկա եւս կը ներգրաւուի արտաքին աշխարհէն եկող ազդակներու մէջ: Օրինակ, արտաքին գեղեցկութիւն մը, մարդ կամ բնապատկեր, կրնայ ազդել մարդկային միտքին վրայ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մարդկային միտքը ձգողական կարողութիւն ունի: Միտքը ինչ որ փափաքի, դրական կամ ժխտական, կրնայ դէպի իրեն ձգել: Եթէ դրական երեւոյթներ փափաքի միտքը, ապա անպայման բարձր տրամադրութեամբ կը հրճուի մարդը: Սակայն եթէ միշտ ժխտական կամ յոռետեսական մտածումներ յաճախեն իր միտքը, անտրամադիր կը դառնայ մարդ, եւ յուսահատութեան գիրկը կ՛իյնայ:
Մթութեան ամէնէն խոր տեսակն է խաւարը, ուր այլեւս շուքեր չեն երեւիր եւ «աչք-աչքի» չի՛ տեսներ, ինչպէս կը սիրէ ըսել պարզ ժողովուրդը: Այդ խաւարը յուսահատութեան պահն է, երբ մեր շուքը կը լքէ մեզ: Յուսահատութեան հետեւանքով անձնասպանութեան դիմող մարդոց մեծ մասը չկամութեամբ կ՛երթայ այդ քայլին, սակայն այլընտրանք չունենալով:
Մեր կրօնը Աւետարանին միջոցաւ կ՛ուսուցանէ մեզի յաւիտենական խաւարին մասին, ուր պիտի ըլլայ «լալ եւ ակռաներու կրճտում»: Ահա այնտեղ է, ուր այլեւս շուքդ ալ պիտի լքէ քեզ:
Աստուած մարդը օժտած է բանականութեամբ եւ կրօնական խղճմտանքով: Մարդկային փոխյարաբերական կեանքը այնպէս պէտք է ապրիլ, որ մեր շուքը բնաւ չլքէ մեզ, մանաւանդ դէպի հանդերձեալ կեանք մեր ճանապարհորդութեան ուղիին վրայ: