ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսով մը հրապարակուեցաւ Եւրոպայի քիւրտ քաղաքական գործիչներ Ռեմզի Քարթալի եւ Զիւպէյիր Այտարիի դէմ մահափորձի մը նախապատրաստութեան մասին մանրամասնութիւններ։
Պրիւքսէլի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցած ժողովին մասնակցեցան 2013ին Փարիզի մէջ սպաննուած երեք քիւրտ կին գործիչներու իրաւապաշտպան Անթուան Քոմթէ, Գերմանիոյ մէջ աքսորեալ լրագրողներ Հայքօ Պաղտատ եւ Էրք Աճարէր։
Ժողովին մասնակցող լրագրողներուն բաշխուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Եւորպայի մէջ կազմակերպուած մահափորձերու, մահուան սպառնալիքներու եւ լրտեսութեան ցանցերու վերաբերեալ ցանկ մը։
Յունիս 2017ին, քիւրտ քաղաքական գործիչներ Քարթալի եւ Այտարի դէմ մահափորձի թղթածրարը Յունիս 2021ին վերածուեցաւ դատական հարցաքննութեան։ Թղթածրարը կը պարզէ, թէ Թուրքիա Եւրոպայի տարածքին ապահոված է մահափորձերու եւ լրտեսութեան ցանց մը, որուն համակարգողն է Փարիզի նախկին աւագ դեսպան Իսմայիլ Հաքքը Մուսա։ Մահափորձը գործադրող կազմի անդամները ուղղակիօրէն շփման մէջ եղած են Անգարայի կարգ մը կեդրոններու հետ։ Կ՚ընդգծուին նաեւ 2013ի Փարիզի ոճիրներէն մինչեւ 2017ի չիրականացած մահափորձին միջեւ կապերը։ Մահափորձը գործադրելու պաշտօնակոչուած կազմի անդամները կապ ունին նախագահ Էրտողանի բարձրաստիճան խորհրդականներուն հետ։