Արեւելեան Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ, Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքը ենթարկուեցաւ ռուսական օդային հարուածներու, յայտարարութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Օդային հարուածներու պատճառով, լրջօրէն վնասուած է Խարքովի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան շէնքը», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ վնասուած է հիւպատոսարանի մէկ աշխատակիցին պատկանող ինքնաշարժը:
«Հիւպատոսարանին աշխատակիցները չեն տուժած եւ այժմ կը գտնուին ապահով վայր մը», կը նշուի նոյն յայտարարութեան մէջ։