ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուսուցչաց տօնին առիթով (9 Մարտ), Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն:
Այս առիթով, հայրապետը նաեւ նիւթական օժանդակութիւն կատարեց Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ (400) անխտիր բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն: Կաթողիկոսը շեշտեց, որ յիշեալ երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ, մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն առընթեր, հրամայական է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր ուսուցիչներուն:
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, հետեւողական կերպով, ընկերային ծառայութեան ճամբով կ՛օժանդակէ համայնքային կառոյցներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: