ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 4 Մարտի հեռավար հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:
Քննարկուեցան ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, պատերազմի հետեւանքներու վերացման վերաբերող աշխատանքներուն եւ աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Բաբայեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ կապերը՝ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ, լուրջ սպառնալիք են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար, եւ եթէ ժամանակին չձեռնարկուին համապատասխան միջոցներու, հետեւանքները անդառնալի պիտի ըլլան:
Արտաքին գործոց նախարարը երախտագիտութիւնը յայտնեց քոնկրեսական Փալոնին Արցախին մնայուն կերպով աջակցելուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր ժխտման դէմ պայքարելուն ինչպէս նաեւ համահայկական տարբեր հարցերու լուծման սատարելուն համար։
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանը եւ այլ պաշտօնատարներ:
No border with Russia, 1991 Armenia was manipulated, by treachery
to accept 2nd republic continuation, when Georgia & Azerbaijan
accepted 1st (INDEPENDENT), declaring National OBJECTIVES,
WE CHOSE SUBMISSION ROAD -NOT NATIONAL OBJECTIVE ROAD.
Now is the time AFTER TO BE SERVANT 31 YEARS, CHOSE FOR
NATIONAL OBJECTIVES, FORCING PARLIAMENT, VOTE FOR OUR
*NATIONAL VITAL, VISUALIZATION, OBJECTIVE & GUIDANCE*.
NOT SERVING 1 YEAR ARMENIA IN THIS DEPRESSIVE,STANDSTILL,
CHARLATANRY DEBATES. >>SERVING ONLY “VANISHING STATE OF
SOUTH CAUCASUS” PROJECT<< !!!!!. VOTE FOR ARMENIA OBJECTIVE
PROJECT or resign if YOU WILL OBEY TO YOUR MASTER ONLY = GET
VANISHING YOURSELF!!. TOTAL NATION WANT A PARLIAMENT WITH
HIGHEST NATIONAL INTERESTS PROTECTOR REPRESENTATIVES NOT
AL CAPONE(S).