ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Քրետիթ Սուիս»ի ծածուկ հաշիւներուն թղթածրարը նոր գլխացաւի մը պատճառ պիտի դառնայ աշխարհի վրայ զանազան ապօրէն միջոցներով հարստութիւն կուտակած մարդոց: «Կազմակերպեալ յանցագործութեանց եւ զեղծարարութիւններու արձանագրութեան նախագիծ»ին եւ մօտաւորապէս 50 լրատու գործակալութիւններու միացեալ հետապնդումներով, Զուիցերիոյ կարեւորագոյն դրամատուներէն մէկուն 18 հազար հաշիւները լուսարձակի տակ առնուեցան:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքական գործիչներու կողքին, Յորդանանի թագաւորը, Վենեզուելլայէն քարիւղի վարիչներ եւ Վատիկանէն բարձրաստիճան հոգեւորականներ կան անուններուն մէջ: Նշուած անուններու մէջ է Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպով եւ որդիները՝ Սէյմուր եւ Ռըզա, որոնք 2007-2012 թուականներու միջեւ աւելի քան 20 միլիոն տոլար փոխանցած են զուիցերական դրամատուներուն իրենց հաշիւներուն:
Լիազօրութիւններու սահմանափակութիւնը պատճառաբանելով հրաժարած Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւս հաշիւներուն մէջ ունի 11 միլիոն տոլարի հասնող հարստութիւն:
Այս հրապարակումներու ընթացքին հաշիւները յայտնաբերուած հայերու թիւը կը հասնի 500ի: