
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ հասարակական, քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներ 22 Փետրուարին բողոքի ցոյց կատարեցին Երեւանի մէջ` Մարզահամերգային համալիրի շէնքին առջեւ, ուր կ՛ընթանային «Եւրոնեսթ»ի խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու նիստերը:
Պատուիրակներու կարգին ներկայացուցիչներ կան ինչպէս Եւրոպական խորհրդարանէն, այնպէս ալ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու խորհրդարաններէն, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանէն:
Կարեն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի բակը բազմամարդ էր: Համալիր կը գտնուէր մեծաթիւ ոստիկաններու հսկողութեան տակ:
Ցոյցին մասնակիցները իրենց վրդովմունքը յայտնեցին եւրոպական պատուիրակութիւններուն` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներուն համար:
Անոնք լուսարձակի տակ առին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութիւնը, հայ գերիները, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութիւնը:
Ցոյցին ընթացքին իրավիճակը լարուեցաւ, երբ ցուցարարներէն մէկը կրցաւ ճեղքել ոստիկանական պատնէշը, որմէ ետք սկսաւ քաշքշուք ցոյցի մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ:
Բողոքի ցոյցին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը, որ աւելի կանուխ յայտարարութիւն տարածեց՝ կոչ ուղղելով մեր հայրենակիցներուն մասնակցելու այս ցոյցերուն:

«Ցեղասպանութիւնը շարունակւում է: Մեզ` հայերիս աքսորում են մեր հայրենիքից: Խլեցին Արցախը ե՛ւ աշխարհը լռեց, սպաննեցին մեր որդիներին ե՛ւ աշխարհը լռեց, հանգիստ, լուռ սպասեցին, թէ ինչ են անելու թուրքերը», ցոյցին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Իգոր Սարգսեան:
Դիմելով եւրոպական պետութիւններուն՝ ան նշեց․ «Դժոխքի միջանցք էք լուռ բացում: Վստահ եղէք, որ ձեր քաղաքակրթութեանը եւս վտանգ է սպառնալու, ինչպէս մեր հնագոյն քաղաքակրթութեանն է վտանգ սպառնում, վստահ եղէք թուրքը կը գայ ձեզ մօտ»:
Ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն Հայաստան այցելութիւնը դատապարտեցին նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները, որոնք հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարանների միջեւ նուազող յարաբերութիւնների ֆոնին Հայաստանի վարչապետը ջերմ ընդունելութիւն է կազմակերպում Ադրբեջանի խորհրդարանի պատգամաւորներին: Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպել է Հայաստան ժամանած Ադրբեջանի խորհրդարանի պատգամաւորների հետ, իսկ պատգամաւորները շնորհակալութիւն են յայտնել վարչապետի ջերմ ընդունելութեան համար: Անհանգստացնող է այն հանգամանքը, որ որեւէ տեղեկութիւն չկայ այն մասին, թէ այդ հանդիպման ընթացքում քննարկուել են Արցախի Հանրապետութեան եւ լայն հասարակութեանը յուզող իրական խնդիրները` կապուած անվտանգութեան, հայ գերիների վերադարձի, գրաւեալ տարածքներում մշակութային արժէքների ոչնչացման եւ մարդու իրաւունքների ոլորտում օր օրի վատթարացող հարցերը:
«Ստեղծուած իրավիճակում յատկապէս կարեւոր ենք համարում երկու հայկական պետութիւնների` միջխորհրդարանական յանձնաժողովի միջոցով օրէնսդիր մարմինների համագործակցութեան օր առաջ վերսկսումը, որտեղ կը քննարկուեն անվտանգային, Ադրբեջանի եւ Թուրքիայի հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներին համաչափ ու համարժէք արձագանքելու, հայ գերիներին վերադարձնելու եւ բազմաթիւ այլ հրատապ հարցեր:
«Հաշուի առնելով մեր տարածաշրջանում ծաւալուող իրադարձութիւնները` կոչ ենք անում Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնների Ազգային ժողովների նախագահներին հրատապ կազմակերպել միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստ»: