ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յուսահատութեան դուռը հասած եւ վերջնականապէս խորտակուած կեանքով տուայտող մարդոց ամէն օր կարելի է հանդիպիլ: Մարդկային կեանքի քառուղիները լեցուն են իրենց մայթերուն վրայ փռուած նման անձերով, որոնցմէ ոմանք ներընտանեկան խնդիրներու զոհեր են, ուրիշներ՝ ձախող սիրոյ հետեւանքով անտակ անդունդ գլորուածներ, իսկ ամէնէն ընդհանրացածը՝ նիւթական ձախորդութեան հետեւանքով սնանկացած ու անյուսութեան գիրկընդխառնուած մարդիկ:
Դեռ ոչ ոք յոյսին տարիքը չէ՛ հարցուցած, ո՛չ ալ անոր երիտասարդ կամ տարեց ըլլալէն լուր ունի: Սակայն, յոյսը եւս տարիք ունի, այնպէս ինչպէս մեզմէ իւրաքանչիւրը գիտակցութեան գալէ ետք իր տարիքը կը հաշուէ տարեդարձներ նշելով մինչեւ այն ատեն, որ յիշողութեան խնդիր չունի:
Յոյսը այնպիսի զգացում մըն է մարդուն մէջ, որ միշտ իր ներկայութիւնը կը յուշէ: Անիկա յանկարծ կրնայ պատահիլ մեզի, բարեւել, զօրակցիլ, գօտեպնդել, մէկ խօսքով յուսադրել մեզ: Ինչքան ալ անյոյս ըլլանք, դարձեալ կը զգանք յոյսին ներկայութիւնը մեր կողքին:
Յոյսը մարդուն ունեցած բոլոր տեսակի հնարաւորութիւններէն աւելի զօրաւոր է: Աշխարհի ամբողջ հարստութեան տէր եղող, նոյնիսկ բազմաթիւ երկիրներու տիրող աշխարհակալները իրենց պարանոցը կը խոնարհեցնեն յոյսին առջեւ, խոստովանելով որ իրենցմէ աւելի զօրաւոր ու անխորտակելի ուժ է յոյսը, ապագայի նկատմամբ մարդու արտայայտած հաւատքը:
Զուր չէ, որ քրիստոնէական կրօնքին ամէնէն էական երեք տարրերէն մէկը իբրեւ ներկայացուած է յոյսը, որ հաւատքին ու սիրոյ հետ կը յիշատակուի իւրաքանչիւր երախայի քրիստոնէացման արարողութեան ընթացքին: Նոյնիսկ եթէ սէրը նախապատիւ է կամ աւելի էական կը համարուի միւս երեքէն, սակայն յոյսը եւս իր կարեւոր դերակատարութեամբ անուրանալի ուժ մըն է մեր կեանքին մէջ, առանց որուն շուտով պիտի ընկրկէինք դժուարութիւններու դիմաց:
Ուշադրութեամբ եթէ քննենք մեր առօրեայ շարժումները, պիտի տեսնենք, որ մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին մէջ յոյսը ներկայութիւն է: Մեր բոլոր գործերը կը կատարենք, յուսալով լաւէն լաւագոյնին հասնելու: Ամէնէն ցայտուն օրինակը կրնանք տեսնել մարդ էակի գեղագիտական ճաշակին մէջ: Արտաքնապէս բացայայտ տգեղութեամբ երեւցող կնոջ յարդարուելու խոր փափաքը այնքան յուսալից է, որ կարելի է օրինակ ծառայեցնել անյուսութեամբ տառապողներուն, փաստելու համար յոյսի զօրեղ առկայութիւնը իւրաքանչիւր մարդու մէջ: Ենթական վստահաբար գիտէ, որ ինք տգեղ է: Ծերունի իմաստուն բարեկամս պիտի ըսէր. «վստահաբար տան մէջ հայելի ունի…»: Հակառակ այս իրողութեան, տգեղը աւելի ժամ կը յատկացնէ արդուզարդի, եւ կը յաջողի ձեւի բերել իր արտաքին տեսքը:
Չենք հակառակիր անոնց, որոնք հոգեկան գեղեցկութեան ջատագովներ են: Անշուշտ հոգեկան գեղեցկութիւնը՝ մարդու բնաւորութեամբ արտայայտուող, ունի իր ազդեցիկ դերը այս կեանքին մէջ: Իւրաքանչիւր առիթով երբ հիանալի բնաւորութեամբ մարդու հանդիպինք, նախ երանի կու տանք անոր, եւ երկրորդ, ուղղակի մեր սրտէն կը բխի մաղթանք մը. «Իցի՜ւ, թէ ամէն մարդ այս անձին նման բնաւորութիւն ունենար…»: Բնականաբար ամէն մարդ նոյնը չի կրնար ըլլալ եւ մարդոց բնաւորութիւններուն տարբերութենէն կ՛ուսանինք լաւն ու վատը իրարմէ զանազանելը: Սակայն, մարդու ֆիզիքականը կամ արտաքինը շուտով երեւելի ըլլալուն, մեր դիմաց կանգնած անձը նախ կը դատենք իր արտաքինէն: Մտերմութիւնը, բարեկամութիւնը, աշխատանքային կապը եւ կամ այլ առնչուածութիւն պատճառ կը դառնան, որ աւելի մօտէն ճանչնանք անձ մը:
Յոյսին բացակայութիւնը, նոյնիսկ անյոյս համարուող անձին մէջ, շատ քիչ տոկոսով զգալի կը դառնայ: Ո՛չ ոք կ՛ուզէ մեռնիլ: Այս հաստատումը կը բաւէ, անդրադառնալու համար այն իրողութեան, որ նոյնիսկ անձնասպանութեան քայլ վերցուցած անձը բազմաթիւ անգամ կը մտածէ իր ընելիքին մասին: Կեանքը թանկագին գանձ մըն է, որուն արժէքը նոյնիսկ ամէնէն յուսահատ մարդը գիտէ:
Հետաքրքրական է դրական այն մօտեցումը, զոր դրապաշտ մարդիկ կ՛արտայայտեն իւրաքանչիւր ձախորդութեան դիմաց կանգնած: Կարծէք ոչ մէկ ձախողութեան հանդիպած ըլլան, անոնք շուտով նոր ծրագիր մը կը մշակեն, երբ եղածը սրբագրելու հնարաւորութիւն չկայ: Այսինքն, նորովի քայլ վերցնելու, կամ ժողովրդային լեզուի վրայ բուսած արտայայտութեամբ՝ զերօյէն սկսելու քաջութիւնը կ՛ունենան վերոյիշեալ անձերը, զարմացնելով նոյնիսկ իրենց ամէնէն մտերիմ շրջանակի անձերը: Ուրեմն, այն ինչ որ պատահած էր իրենց կեանքի ընթացքին, ենթադրեալ աւարտ մըն էր: Ուրիշներ միայն ենթադրեր էին, որ այս մարդը կործանեցաւ եւ վերականգնելու ամէն յոյս չքացաւ անոր հոգիին մէջ: Սակայն, մարդուն կամքը, յոյսին հետ միացած, դարձեալ կը վերականգնէ զայն, նոր սկիզբով մը, որ նման է արեւմարէն ետք բացուող արշալոյսին:
Լսուած խօսք է, որ յոյսը կը մեռնի իւրաքանչիւր մարդու մահանալէն ետք միայն: Այսինքն, այնքան ատեն որ կենդանութեան շունչ կայ մարդ էակին մէջ, անոր սրտի բաբախումին հետ, յոյսի «երակներուն» եւս արիւն կը ներարկուի, հեռու կամ մօտիկ ապագան աւելի փայլուն ցոյց տալով յուսահատած մարդուն:
Ենթադրեալ աւարտներ շա՜տ եղած են կեանքի մէջ, որոնք նոր սկիզբով գերազանցած են նախքան այդ «աւարտը» եղած ժամանակահատուածը: Երբեմն նախապէս ամուլ կեանք մը, որ ենթադրեալ աւարտի հասած էր եւ անյուսութեան գիրկը ինկած, յանկարծ կերպարանափոխուելով պտղաբեր դարձած է, ո՛չ միայն տուեալ անհատին եւ իր շրջապատին համար, այլեւ համայն մարդկութեան:
Հարազատի մը մահը, մանաւանդ ծնողքի մը համար զաւակին մահը, սեփական կեանքի արեւը մթագնելու ուժգնութիւն ունի: Ծնողքը իր կեանքին մէջ իմաստ չի տեսներ այլեւս, երբ իր ձեռքերով հողին կը յանձնէ իր զաւակը: Կեանքի բնականոն ընթացքը խախտած տեսնելու երեւոյթը կը խանգարէ իր հոգեկան անդորրը, որուն հետեւանքով որոշ ծնողներ երկար ժամանակ անյուսութեան դուռը ափ կ՛առնեն:
Քիչ չէ՛ թիւը սակայն այն ծնողներուն, որոնք ամէնէն դժուարին սոյն կացութեան անդրադարձած են իրենց վերանորոգ յոյսով, որ նոր սկիզբի մը զօրութեամբ վերականգնած է զիրենք, ու դարձեալ վերադարձուցած կեանքին: Մարդու մարմինը ծածկող վէրքերու դարման բալասաններ կամ քիմիական նիւթերով պատրաստուած դեղեր անոնց արտաքին մասը չորցնելով հետզհետէ կը բուժեն տհաճ տեսքը, սակայն հոգիին վրայ բացուած խոր վէրքերուն իսկական բալասանը յոյսն է, որ մնայուն կերպով կը պարուրէ մեր ներքին էութիւնը, մինչեւ որ լոյսի նշոյլ մը վառէ մութ փապուղիին միւս կողմը:
Վերջնական աւարտը ո՛չ ոք կրնայ կռահել, երբ դեռ կենդանութեան շունչ ունի մարդը: Մնացեալ բոլոր վերջաւորութիւնները, միայն ենթադրեալ աւարտներ են, որոնք չակնկալած պահուդ կրնան ձեւափոխուիլ եւ նոր սկիզբներու վերածուիլ:
Unfortunately, church leaders during bolshevik regime, Forced to
submission, except few who lost their life or survived, turned
regime obeying, imitating Regime’s rule of looting, even SELLING
60% OF ARZAKH, LENDING JERUSALEM ARMENIAN POSSESSION,
LOOTING IN RUSSIAN,USA, other, TRYING TO OVERTAKE OLD
AGE INSTITUTIONS, ACTING AS USURER, FORGETTING TO BE
CONTINUATION OF “GHEVONT YERETZ” OF AVARAYR BATTLE OF 454.
FORBIDDEN TO GO CHURCH 70 YEARS , WHEN BECAME 1991 2nd FREE
republic (bolshevik) continuation, BUT, having 1st republic’s NATIONAL
flag,(AS NATIONALIST), Church started function, BUT as AGENTS of
“2nd bolshevik” , population Thinking CHANGE TOOK PLACE, BELIEVED
TO BE IN RENAISSANCE, WHICH TURNED *OPPOSITE*, OPERATOR OF
LENIN/ STALIN DOCTRINE, >>TO GET DISAPPOINTED FROM CHURCH,
TURNING to OTHER SECTS, NOT PROTESTING “AGHVAN CHURCH
ORIGIN”, PURE ARMENIAN OLD CHURCHES, NOW UNDER AZERBAIJAN
OCCUPATION. TRAITORS GOVERNING, CHURCH LOSING PRESTIGE AS
1st Christian Nation, ALL THESE LEADING TO “DESTINATION YEREVAN”
OCCUPATION !!!!. UNLESS DIASPORA NATIONALISTS UNITED, WITH
ARMENIA PATRIOTS, TAKE OVER BOLSHEVIK “COUNTY RUSTING”, drogue,
Transgender in parliament, Baby SELLING, CHILD ABUSING, GIRLS
PUSHING to PROSTITUTE. ALL THESE RECTIFIED WILL SAVE COUNTRY
AND CHURCH, PREVENTING “DESTINATION YEREVAN” DREAM OF ALL
KIND GENOCIDE COMMIT NATIONS AROUND !!!!!.