ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները մտադիր են «սեղմ ժամկէտներու մէջ ձերբակալել» Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, յայտարարեց Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան պետ Նեմաթ Աւազով:
«Յարութիւնեան, որ ինքնիրեն կը ներկայացնէ իբրեւ «ինքնահռչակ վարչակարգի առաջնորդ», կարելի եղածին չափ արագ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի յատուկ ծառայութիւններու վարչութիւններու եւ հետախուզական գործակալութիւններու կողմէ», ըսաւ ան։
Ատրպէյճանական աղբիւրներուն համաձայն` Պաքուն Յարութիւնեանը կը մեղադրէ «Գեանջայի վրայ հրթիռային յարձակման» համար:
Աւազով 15 Փետրուարին պնդած է, թէ Յարութիւնեան ընկերային ցանցերուն վրայ խոստովանած է, որ ինք է քաղաքին վրայ յարձակման նախաձեռնողը:
Աւելի կանուխ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներուն, տեղեկութիւններ հրապարակեցին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսելու եւ միջազգային հետախուզում յայտարարելու վերաբերեալ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարեց. «Միջոցներ են ձեռնարկուել «Ինտերպոլ»ի գլխաւոր քարտուղարութեան միջոցով ապօրինի հետախուզման փորձերը կանխելու, հետախուզում յայտարարելու մասին հարցումներ ստանալու դէպքում դրանց ընթացք չտալու, նշուած անձանց հետախուզման վերաբերեալ տուեալները «Ինտերպոլ»ի համապատասխան պահոցներում չներառելու եւ դրանց կապակցութեամբ «Ինտերպոլ»ի ուղիներով որեւէ համագործակցութիւն չիրականացնելու ուղղութեամբ»: Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ հաշուի առնուած է այն հանգամանքը, որ, ըստ «Ինթըրփոլ»ի Կանոնադրութեան 3րդ յօդուածին, կազմակերպութեան խստիւ կ՛արգիլուի որեւէ գործունէութիւն ծաւալել կամ միջամտել քաղաքական, զինուորական, կրօնական, ցեղային բնոյթ կրող գործերուն եւ հարցերուն:
Ղարաբաղեան 44օրեայ պատերազմէն ետք, Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս հաղորդուած է, քանի մը անգամ մեկնած է արտերկիր` մասնաւորապէս Ռուսիա: