ՊԸՐՊԵՆՔ․- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը Յունուարի 31ին առաջնորդարանին մէջ ընդունեց աշխատանքային այցով Արեւմտեան թեմ գտնուող Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեանին, ուղեկցութեամբ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի, համալսարանի միջազգային կապերու բաժինի ղեկավար Ալեքսանդր Մարգարովի եւ Ամերիկայի ծրագիրներու պատասխանատու Վահագն Ագլեանի։
Տնօրէնը Յովնան սրբազանին ներկայացուց համալսարանին մէջ տեղի ունեցած բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ գիտական եւ ուսումնական նոր ծրագիրները։ Ան աւելցուց, որ համալսարանին նիւթական միջոցներ ապահովելու համար մտադրութիւն ունի ի մասնաւորի Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ հաստատելու համալսարանին զօրակցողներու միաւորում։
Սրբազանը գնահատեց համալսարանի արդիականացման ծրագիրները եւ խոստացաւ աջակցիլ համալսարանին եւ անոր զօրակցողներու խումբ ձեւաւորելու գործին։