Սոնա Մատարեան

Ես-ի «ներկայութիւնը» եւ հասարակութեան «բացակայութիւնը» ինչպէ՛ս քննարկել:
Ղեկավարն ու ժողովուրդը՝ փոխ կապակցուած եւ անքակտելի արժէքներ են:
Գիտենք, թէ անհատի «շահ»ը վերջ կը գտնէ, ուր կը սկսի ընդհանուրին «շահ»ը:
Այլ խօսքով, ղեկավարին «ԵՍ»ը պէ՛տք է թաղուի, երբ ժողովուրդի եւ հայրենիքի շահը վտանգուած է:
Այսօր, ամենուրէք, ղեկավարը դարձած է էական ամբողջականութիւն, իսկ հանրութիւնը, ինքը՛ ժողովուրդը, ՄԵՌԵԱԼ ԾՈՎ…
Կառուսելի նման անընդհատ դարձ-դարձի մէջ է այսօր նաեւ մեր հայրենիքը, համայն ազգը, երիտասարդութիւնը, մեծերն ու փոքրերը, նոյնի՛սկ քաղաքական այրեր, կիներ եւ անոնց անդամակցած՝ կուսակցութիւններն ու հիմնարկները…ինչո՛ւ այսքան ոլորապտոյտ եւ գլխապտոյտ ազդող յարաբերութիւններ:Մէկ ազգի պատկանող անհատներ՝ մէկը միւսին դէմ… ինչո՞ւ…
Պահ մը մոռնանք, որ համաշխարհային տագնապ կայ աշխարհով մէկ, իսկ ո՞ւր է մեր կիզակէտը այս «Աւարայր»ին մէջ…
Դարաւոր ժողովուրդ մը ըլլալով՝ ունինք դարաւոր պատմաքաղաքական անցեալ եւ անոր հետ կապուած անկորնչելի արժէքներ եւ իրաւունքներ… իրաւունքներ, որոնք հոգեբանական եւ բարոյական արժէքներ էի՛ն եւ ե՛ն տակաւին: Մեր նախահայրերէն մեզի փոխանցուած ազգային ժառանգն ու արժանապատիւ հպարտութիւնը՝ խաթարուած են այսօր: Ազգադաւ ՄԵՂՔ եւ մեղաւորներու մեծ փաղանգ մը կը կուտակուի մեր հայրենական խաղաղ երկինքի տակ… բայց, ո՛ւր փնտռել մեղաւոր-ները… միա՛յն եւ միա՛յն մեր մէջ, որովհետեւ թշնամիին թշնամանքն ու վայրագ յոխորտանքը իր ՀԱԼԱԼ պարտաւորութիւնն է, իսկ ո՞ւր մնաց մեր արժանապատիւ ինքնապաշտպանութիւնը՝ պետական թէ ազգային մակարդակով… ո՞ւր:
Երբ այսօր, աժան հարթակի վրայ աժան որակումներով՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրող սերունդին ապրած արհաւիրքն ու կտակը, սակարկութեան առարկայ դարձած են… եւ հաշտութեան օրակարգը ստացած է «զոյգ պետութիւններու փոխշահաւէտ համակարգում» որակումը եւ մոռացութեան եւ անփութութեան սերմերը սկսած են ցանել ազգի խոնարհ գիտութեամբ առլցուն հանրաշերտին մէջ… Աւա՜ղ փառացս անցաւորի…:
Հայրենիքը հայաթափե՞լ, Հայաստանը առանց հայուն երեւակայե՞լ, անխարիսխ հայկական պետականութի՞ւն պահպանել, որ կարծէք թէ (եւ կամ՝ հաստատ) կը ծառայէ հակահայ ծրագրի ջաղացքը դիւրին դարձնելու, ինչպէս նաեւ կը միտի մեր ժողովուրդը ձուլել համաժողովրդական կաթսային մէջ, տկարացնելով ազգային պատկանելութեան եւ հպարտութեան յիշողութեան վերջին ցոլքերը:
Մենք, ինչպէս քաջածանօթ ենք մենք մեզի, վստահ եմ, որ կը ճանչնանք նաեւ մեր թշնամին եւ անոր չիրականացած դարաւոր «երազանք» փանթուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը, որ կը հետապնդուի մինչ օրս եւ որ ներկայ մեր ղեկավարութիւնը եւ օրուան իշխանութիւնը, համագործակցելու պատրաստ՝ այս փուլը պիտի դարձնեն՝ ազգային արժեհամակարգի եւ ուխտի վերացման՝ նոր փուլ..:
Կը մտածեմ եւ միասին կը մտածենք, բայց չենք ուզեր հաւատալ եւ երբեմն մենք մեզ հակասելով՝ բարեացակամ կը փորձենք ըլլալ եւ հակառակը փնտռել . բայց ո՞ւր փնտռել: Լսուած ո՞ր խօսքի եւ կամ տեսնուած ո՞ր արարքի մէջ փնտռել բարիքը… Ըսէ՛ք խնդրեմ. անկեղծ եղէ՛ք: Ինչո՞ւ այս հոգեխառն վիճակին մէջ տապկուիլ, երբ արդէն ժամանակն էր, որ ԵՐԵՔ տասնամեակներու ազատ ապրելու կամքը ամրապնդէինք եւ ոչ միայն՝ ազատ, անկախ Հայաստան եւ Արցախ անունով հպարտութիւնը ապրէինք, այլ փոխանցէինք մեր կարգին մեզի հաւատացող եւ հետեւող նոր սերունդին… Բաւ էր արդէն, լուծի մը եւ կամ հովանիի մը ներքեւ ապրիլն ու գործելը… Երեսուն տարին բաւարար էր, որ Արցախը ամրապնդուէր եւ հաստատուէր, զոհուած հերոսներու արեամբ աւանդուած գործնական հպարտութեամբ, եւ միջազգային քաղաքական հարթակի վրայ իսկ ճանաչուած ըլլար, իսկ Հայաստանն արդէն իր ազդու եւ գործօն դերը ունենար այդ առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներ առաջադրէին իրենց դաշնակից պետութիւն դառնալու դերը՝ ՄԵՐ ՀԱՅՐԻՆԻՔի հետ:
Ուշացած ենք, բայց երբեք ուշ չէ զարթնելու եւ արարելու… ազգովին, ապա արտաքին աշխարհին հետ:
Ազգապահպանման ի խնդիր, թող որ միանան մեր հայրենասէր, խելամիտ, դիւանագէտ եւ նուիրուած միտքն ու ոգին եւ թող շաղկապուին խօսքն ու գործը, տեսութիւնն ու գործնականը…
Պ. Սեւակի խօսքերով. «Գոչեմ ապրողաց» եւ ոչ «մեռելոց»…:
Ահա միայն այն ատեն մենք արդարօրէն՝ մեր ազգային հպարտանքը կ՛ոգեկոչենք եւ կը փոխանցենք բաց ճակատով: