Տիրամայր ՕԺԷՆԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով (մահացած՝ Լիբանան), Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանին, երէցկնոջ՝ Սօսիին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.