
Համահայկական մտաւոր ներուժի համախմբումին ուղղուած Genesis Armenia-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուած ատրպէյճանագիտութեան կեդրոնի ուսանողները արդէն իսկ յանձնեցին երրորդ քննութիւնը: Արդիւնքները կը վկայեն, որ դասաւանդման աւարտին, մասնագիտական ասպարէզ մուտք պիտի գործեն բազմակողմանիօրէն պատրաստուած գործիչներ, կը յայտնեն կեդրոնի մասնագէտները:
Արդէն 3 ամիս է որ Արցախէն եւ Հայաստանէն ընտրուած առաւել քան տասնեակ մը սաներ կ՛ուսումնասիրեն ատրպէյճաներէնը եւ Ատրպէյճանը` պատմական ակունքներէն, կենցաղավարութենէն սկսած մինչեւ ներպալատական կառույցը եւ պաշտպանական համակարգերը:
Լիբանանահայ Կարօ Կարապետեանի անունը կրող կեդրոնը, որ համալրուած է հեռավար դասերու համար անհրաժեշտ արհեստագիտութեամբ եւ գոյքով, տեղակայուած է Ստեփանակերտի մէջ:
«Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքում հայկական զոյգ պետութիւնների ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակներն են: Իսկ այդ նպատակներին հասնելու համար, առաջին հերթին, պէտք է լաւ ճանաչել թշնամուն: Մենք սկսել ու շարունակելու ենք այդ գործը», կը յայտնեն կեդրոնի մասնագէտները:
