ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական մարտական դիրքէն 5 Փետրուարի կէսօրին կրակեցին քարամշակման կէտին մէջ աշխատող բանուորներուն վրայ։ Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Արցախի գլխաւոր դատախազութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան` Ասկերանի մերձակայքը գտնուող Օղտեն Մաշկ կոչուող տեղամասին մէջ գտնուող ատրպէյճանական մարտական դիրքէն մեծ տրամաչափի գնդացիրով քանի մը անգամ կրակ բացուած է Խրամորթ գիւղին տարածքին մէջ գործող` «Ապագայ սերունդների հիմնադրամ» ընկերութեան քարամշակման կէտի երեք աշխատակիցներուն ուղղութեամբ, որոնք այդ պահուն քարշակի վերանորգման աշխատանքներ կը կատարէին:
Անոնք շուրջ երկու ժամ պահուըտեցան, մինչ այդ հեռաձայնելով եւ դէպքին մասին իրազեկելով իրենց տնօրէնութիւնը:
Դէպքի հանգամանքները պարզելու նպատակով, Արցախի ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է քրէադատավարական միջոցառումներու: