ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պարզապէս զարմանալի է, որ ամէն անգամ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոր բան մը ըսէ, աւելի անընդունելի նոր սխալ մը կը գործէ: Համոզուելու համար այս ըսուածին, միայն պէտք է հետեւիլ անոր ելոյթներուն, մամլոյ ասուլիսներուն, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ հնչեցուցած անոր հակասական յայտարարութիւններուն, «ֆէյսպուք»ի գրառումներուն, սխալ որոշումներուն եւ անորակ նշանակումներուն: Իրավիճակը հետզհետէ աւելի կը բարդանայ, որովհետեւ կը թուի, թէ ան դասեր չի քաղեր իր սխալներէն: Փաշինեան ոչ կը գիտակցի իր սխալներուն, ոչ ալ կ՛ընդունի զանոնք: Ան կարծես անսրբագրելի մըն է:
24 Յունուար 2022ին, վարչապետը տուաւ իր, այսպէս կոչուած, մամլոյ ասուլիսներէն մէկը, որուն ոչ մէկ լրագրող ներկայ եղաւ՝ իրեն հարցումներ ուղղելու եւ իր խեղաթիւրումները վիճարկելու համար: Ասիկա վատ կազմակերպուած «շօ» էր՝ հանրութիւնը մոլորեցնելու նպատակով: Միայն երիտասարդ օրիորդ մը կարդաց՝ իբր թէ լրատուական միջոցներու կողմէ վարչապետին յղուած հարցումները: Երբ, աւելի ուշ, լրագրողներէն մէկը դժգոհեցաւ իր հարցումը աղաւաղուած ձեւով կարդացուելուն համար, նոյն օրիորդը անկեղծօրէն խոստովանեցաւ, որ ինք պարզապէս կարդացած է վարչապետի օգնականներուն կողմէ իրեն փոխանցուած հարցումները:
Վարչապետին ամէնէն անընդունելի սխալներէն մէկը իր տուած պատասխանն էր այն հարցումին, որ կը վերաբերէր հայկական պատմական պահանջներուն՝ Թուրքիայէն: Փաշինեան այս մասին յայտարարեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չէ վարած: Երբե՛ք»: Ես լրջօրէն կը կասկածիմ, թէ Փաշինեան գիտցած ըլլայ «Հայ Դատ»ին իմաստը: Անոր մեկնաբանութիւնը չի տարբերիր ոեւէ թուրք պաշտօնեայի մը՝ նոյն հարցումին տալիք պատասխանէն: Ամօթ է, որ 1915-1923 թուականներուն, հայերու դէմ իրականացուած սարսափելի Ցեղասպանութենէն ետք, որուն ընթացքին սպաննուեցան 1.5 միլիոն անմեղ տղամարդիկ, կիներ, մանուկներ եւ իւրացուեցաւ անոնց պատմական հայրենիքը, վարչապետը այսպէս անփութօրէն մերժէ հայերուն արդար պահանջները եւ վարուի այնպէս, կարծես ոչինչ պատահած է: Ասիկա ճիշդ ուզածն է թուրք ղեկավարներուն. հայերը մոռնան իրենց անցեալը եւ հրաժարին իրենց պահանջներէն:
Աւելի՛ն. վարչապետը սուտ յայտարարութիւն մը ըրաւ, երբ ըսաւ, թէ նախագահ «Ռոպերթ Քոչարեան 2005ին հրապարակաւ յայտարարեց, որ Հայաստան Թուրքիայէն տարածքային պահանջներ եւ տարածքային յաւակնութիւններ չունի»: Կը յիշեմ, որ 2005ի Ապրիլին, ես յօդուած մը գրեցի Քոչարեանի ըրած յայտարարութեան մասին, երբ օրին Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանող մը անոր հարցուց Թուրքիայէն Հայաստանի հողային պահանջներուն մասին։ Քոչարեան նշեալ հարցումին զգուշութեամբ պատասխանեց՝ ըսելով. «Այս հարցով պէտք է զբաղի ապագայ նախագահը»: Հասկնալի է, որ այն ատեն, երբ Հայաստան ամբողջովին զբաղած էր Ատրպէյճանի հետ Արցախի շուրջ հակամարտութեան լուծումով, Հայաստանին ձեռնտու չէր Թուրքիոյ դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալ՝ հայկական տարածքներու մասին: Քոչարեան չըսաւ, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի Թուրքիայէն: Ան պարզապէս ըսաւ, որ այդ հարցին լուծումը պէտք է քննարկուի աւելի ուշ։ Ամօթ է, որ վարչապետ Փաշինեան կրկնած է այն, ինչ յերիւրանքով հաղորդած են թրքական լրատուական միջոցները, այլ ոչ թէ այն, ինչ իրաւամբ ըսած է Հայաստանի երկրորդ նախագահը:
Մէկ խեղաթիւրումէ անցնելով միւսին՝ Փաշինեան կեղծիքով աւելցուց, որ նախագահ «Սերժ Սարգսեան յղում ըրած է Քոչարեանի յայտարարութեան»: Ես չեմ յիշեր, որ Սարգսեան նման յղում կատարած ըլլայ: Փաշինեան շարունակեց՝ յայտարարելով, որ «Հայաստան երբեք Հայաստան-Թուրքիա սահմանը կասկածի տակ չէ առած։ Դուք չէք գտներ Հայաստանի ոեւէ ղեկավար կամ կառավարութիւն, որ կասկածի տակ դրած է հայ-թրքական սահմանը: Մենք այս քաղաքականութենէն պիտի չհրաժարինք»: Իրականութեան մէջ, մինչեւ Փաշինեան, Հայաստանի ոչ մէկ նախագահ կամ կառավարութիւն ընդունած է հայ-թրքական ներկայ սահմանը կամ յայտարարած, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի Թուրքիայէն:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցումին՝ վարչապետ Փաշինեան սխալմամբ յայտարարեց. «Մենք պէտք է արձանագրենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի «լոքոմոթիֆ»ը, շարժիչ ուժը, միշտ ալ եղած են Սփիւռքը եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները»: Թրքական կառավարութեան ճիշդ ուզածն է, որ Հայաստանի ղեկավարը ըսէ այս մէկը: Վարչապետի յայտարարութեան մէջ հետեւեալ սխալները կան.
1) Փաշինեան անգամ մը եւս կը պառակտէ Սփիւռքը՝ Հայաստանէն:
2) Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացառապէս Սփիւռքի հարց չէ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդները այսօր կը կազմեն Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը: Այս իսկ պատճառով, ամէն տարի 24 Ապրիլին, աւելի քան մէկ միլիոն հայ, Երեւանի մէջ կը մասնակցի քայլարշաւի դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան:
3) Հայաստանի բոլոր նախկին իշխանութիւնները հետամուտ եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Փաստօրէն, 23 Օգոստոս 1990ին, Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուէր՝ «…գիտակցելով իր պատասխանատուութեան՝ հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործին մէ»ջ, անիկա հռչակած է հետեւեալը? «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»։ Յատկանշական է, որ Հռչակագիրին մէջ օգտագործուած է «Արեւմտեան Հայաստան» անուանումը, որմէ ներկայիս կը հրաժարի վարչապետը: Աւելի ուշ, Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագիրին:
4) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը համահայկական խնդիր է, որ կը վերաբերի թէ՛ Սփիւռքին, թէ՛ Հայաստանին: Ուստի, պէտք է աշխատանքի համակարգուած բաժանում ըլլայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ: Այն, ինչ կրնայ ընել Սփիւռքը, կը տարբերի Հայաստանի կառավարութեան ընելիքէն, եւ՝ հակառակը:
Վարչապետը նաեւ բազմաթիւ այլ խեղաթիւրումներ ըրաւ աւելի քան երկու ժամ տեւած իր՝ իբր թէ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Այսուամենայնիւ, վարչապետին բոլոր խեղաթիւրումները բացայայտելու համար ոչ թէ պարզապէս յօդուած պէտք է գրել, այլ՝ ամբողջ գիրք մը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Mr. Harout Sassounian expose about Pashinian’s Armenian Rightful
International Demands “GIVE UP” is HIGHEST TREASON ACT PUNISHABLE
BY FIRE SQUAD. But ONE FACT WRONGLY DONE 1991 WHEN GEORGIA,
AZERBAIJAN, ACCEPTING 1st Republic continuation and RUSSIA IMPERIAL
FLAG, LEVON DER BEDROSSION “KARABAGH GROUP” President,
ACCEPTS 2nd REPUBLIC CONTINUATION (BOLSHEVIK) BUT 1st REPUBLIC
FLAG WHY??? Was he EXECUTING “ENGINEERED” ORDER, BEFORE
RETURNING ARMENIA as “KARABAGH GROUP” LEADER?. ALL TROUBLES
IS BASED ON “2nd” ACCEPTANCE; ALL 3 REGIME AFTER HIM CONTINUED,
HE MUST EXPLAIN PUBLICLY THAT DECISION’S MOTIVATION(S). 31 YEARS
WARS, VICTORIES, SETBACKS, LOSING TERRITORIES, PRESTIGE, OUTSIDE
CONNECTIONS TARNISHED BY POLITICAL “HAND CUFF” RESTORATION;
BRINGING US TO THE BRINK OF TOTAL LOSS, EVEN DENIAL OF GENOCIDE,
RIGHTS, BY *HIS TRAINED PUPIL*, ALL EXECUTING PLANED ARMENIA LOSS,
NATION IS WAITING TO HEAR ABOUT ALL HIS “ENGAGEMENTS” (1-2-3 ??).
BEING ORIGINAL “GODFATHER” FOR 3 SUCCESSORS AND GUIDER!!.