Հարիւրաւոր ցուցարարներ Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին Երեքշաբթի օր, Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի նախատեսուած այցելութեան դէմ, կը հաղորդէ «Երկիր»ը:
Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջած են հրաժարիլ իսրայէլացի քաղաքական գործիչին ուղղուած հրաւէրէն:
Թուրքիոյ նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ Իսրայէլի նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուարի առաջին կիսուն եւ այդ այցելութիւնը նոր էջ պիտի բանայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք վատթարացած էին 2010 թուականին «Կապոյտ Մարմարա» թրքական նաւուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով:
Նշենք, որ Թուրքիա այցելած Իսրայէլի վերջին նախագահը Շիմոն Փերեզն էր: Ան Իսրայէլ այցելած էր 2007ին: Իսլամ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները բարելաւել ջանացող Իսրայէլի նախագահը Կիրակի օր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: