ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ»․- Եւրոպական Միութիւնը կազի մատակարարման վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Ատրպէյճանի հետ, եթէ Ռուսիա որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները, յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
«Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այն հաւանականութեան, որ դիւանագիտութիւնը կրնայ ձախողութեան մատնուիլ: Մենք կը սերտենք բոլոր տարբերակները եւ բեմագրութիւնները, ներառեալ՝ գործընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Ատրպէյճանի հետ, եթէ Ռուսիա որոշէ կրճատել կամ դադրեցնել մատակարարումները», ըսաւ Պորել:
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն՝ նախապէս հաղորդած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է շարք մը երկիրներու հետ բանակցիլ մատակարարումներու ծաւալները աւելցնելու համար:
Անցեալ շաբաթ, Պաքու պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելցնելու կազի մատակարարման ծաւալները, եթէ Ռուսիոյ հետ լարուածութիւնը խորանայ: