ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

«…Հայ խորհրդարանականները «Ջութակ Կը Նուագեն», մինչ բարբարոսները դարպասներուն առջեւն են»… Հայկական մամուլին մէջ յայտնուած այս խորագիրը անխուսափելիօրէն զարմացուց թէ՛ երաժշտասէր եւ թէ գրասէր հայը: «Ջութակ»ը, այդ աղեղնաւոր քառալարը՝ մերթ հեշտաձայն, մերթ թախծաշունչ, ե՞րբ դարձաւ քաղաքական, չէ՞ որ անիկա պէտք էր որ հնչէր համերգասրահներու կամ քնարական քերթուածներու մէջ: Այս անգամ, անիկա ինչպէ՞ս դարձաւ քննադատական յօդուածի մը առաջին ջութակը… Յարգելի ընթերցող, այսօր որոշեցի խօսիլ «ջութակ» բառին մասին ու թել-թել ուսումնասիրել անոր հազարամեայ ոդիսականը: Այժմ ականջ տանք «ջութակ» բառի հնչիւններուն:
«Ջութակ» բառի ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ: Բազմաթիւ այրեր փորձեր են բացայայտել անոր ծագումը, բայց աւա՜ղ, ան մնացեր է պատմութեան մէջ իբրեւ խուլ ու հեռաւոր ձայն մը: Իսկ հայկական գրականութեան մէջ ո՞վ նուագեց «ջութակ» բառը առաջին անգամ, ի՞նչ հնչողութիւն ունէր, ի՞նչ խօսքեր ըսաւ… Այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար պէտք է երթալ 11րդ դար, Ռշտունեաց գաւառ, Նարեկավանք, քանզի հայկական գրաւոր լեզուի մէջ «ջութակ» բառը առաջին անգամ գործածեց Գրիգոր Նարեկացին: «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ երաժիշտ հոգեւորականը խօսեցաւ աղէկ լարուած ջութակներու մասին: Ահա «ջութակ»ի առաջին եղանակը. «Օրինակ ձայնի հրեշտակին… նոր գործի շնորհի նուագարանաց Աւետարանին՝… աղէյարմար ջութակաց՝ բարետաւիղ ողբերգարկութեանց, բարացուցական բամբռան բառացի բարառնութեանց, սրինգ նորոգ…»: Ապա լռեց բառս, լռեց մինչեւ 19րդ դար: Պատճառն այն էր, որ միջնադարու հայ տաղասացն ու աշուղը նախընտրեց ածել քամանջա ու սազ: Բայց բառը զարգացաւ, յօրինեց բաղադրեալ բառեր, ո՛չ բազմաթիւ՝ հազիւ իր լարերուն չափ: «Ջութակ»ը իր աջ կողմը որպէս երկրորդ ձայն հիւրընկալեց՝ «սէր», «հար», «լար», «նման», «ձայն», «բանալի» բառերը, իսկ անոր ձախ կողմը բազմեցաւ «թաւ» ածականը: «Ջութակ» բառով կազմուած ամենամեծ բառին հետ յիշուելու պատիւին ալ արժանացան սակաւաթիւ տաղանդաւոր երաժշտուհիներ, որոնք կոչուեցան՝ «թաւջութակահարուհի»: Իսկ ես, ձեր արտօնութեամբ, յարգելի ընթերցող, այսօր կ՛առաջարկեմ նոր բառ մը, որպէսզի ճոխանայ «ջութակ»ին ձայնը. «Տխրաջութակ»… երգի կամ բանաստեղծի համար: «Ջութակ» բառը նաեւ ունի փոխաբերական իմաստ մը՝ քաղցր, հաճելի ձայն հանող, հաճելիօրէն հնչող երեւոյթ, ինչպէս 1893 թուականին, Վանի մէջ ծնած բանաստեղծ, թարգմանիչ Մարտիրոս Դաբաղեանը գրած էր դար մը առաջ. «Անձրեւին տակ այս ջութակ, անձրեւին մէջ թել-թել»: Իսկ դուք, խաղաղ գիշեր մը եթէ այս նուագարանը տեսնէք ձեր երազին մէջ, ապա բախտաւոր էք, քանզի անիկա կը նշանակէ ընտանեկան համերաշխ կեանք, իսկ նուագելը՝ բարեկամութիւն:

19րդ դարուն պատահեցաւ գեղեցիկ երեւոյթ մը: Պոլսահայ դերասանուհի Սիրանոյշը, նոյնպէս դերասանուհի Օլգա Գուլզանեանի գրի առած մտերմական նամակի մը մէջ արժանացաւ «ջութակաձայն» գնահատանքին. «…Ամէնից առաջ պէտք է յիշել նրա երաժշտական աննման ձայնը… Երբեմն շշուկով արտասանած բառը նրա բերանից այնպէս մելոդիկ էր հնչում, որ կարծես ջութակի լարին քնքոյշ մատներով կպար»: Նոյն օրերուն, Պոլիս այցելած բանաստեղծ եւ վիպագիր Կոստան Զարեան նկատեց, թէ այդ քաղաքի հայերու լեզուն ջութակաձայն է. «Ի՜նչ գեղեցիկ է, ինչքա՜ն ճկուն է պոլսահայերէնը: Թեթեւ է, վերասլաց, ջութակի սուր ձայների նման թրթռուն»: Իսկ մեր օրերուն, յայտնի ջութակահար հայեր «ջութակ» բառով իմաստասիրեցին: 2017 թուականին, 33 ժամ 2 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան անընդմէջ ջութակ նուագելով համաշխարհային մրցանիշի տիրացած Նիկոլայ Մադոյեան ըսաւ. «Ջութակն իմ տարերքն է»: Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան ընտանեկան ջերմութեամբ արտայայտուեցաւ. «Ջութակն իմ երեխան է»: Երեւանի մէջ գործող վնագործ (ջութակ եւ այլ լարային նուագարաններ շինող վարպետ) Մարտին Երիցեանը խօսեցաւ իր արուեստին մասին. «Ջութակը նման է խաչքարի. երբեք չի կրկնւում»: Իսկ դուք կ՛ուզէ՞ք աշխարհի ամէնէն փոքր ջութակին մասին քանի մը խօսք լսել: Անիկա 0.8 մմ բարձրութիւն ունի, փայտի 16 կտորներէ պատրաստուած է, զետեղուած՝ ասեղի մը անցքին մէջ եւ կը ցուցադրուի Երեւանի Տէր Ղազարեաններու «միկրո-արուեստ» թանգարանին մէջ. այդ իւրայատուկ ցուցադրութիւնը կը կոչուի՝ «Ջութակը ասեղի անցքում»: Իսկ 1905ին, Տրապիզոն ծնած ջութակահար Օննիկ Սիւրմէլեան, երբ օր մը որոշեց հրատարակել ինքնակենսագրութիւն, զայն անուանեց՝ «Կեանքիս գուպարը ջութակիս հետ»:
Բայց, յարգելի ընթերցող, «ջութակ» բառի ամէնէն կախարդական հնչիւններու հեղինակները քնարերգակ բանաստեղծները եղան: Անոնց փետրագրիչը յօրինեց զգայուն հոգիի մը ներաշխարհի խորերէն բխող մեղեդիներ: Ահա երկու տողիկ՝ Պոսֆորի ափերէն. «Զիլ գեղգեղներ ու նուագներ վրդովիչ, / ու ջութակի սարսուռին գիծը կարմիր…», «Հոգիս կը տանջէ / ջութակ մը հեռու»: Առաջինը Միսաք Մեծարենցի նկարագրութիւնն էր իրիկուան ձայներու, իսկ երկրորդին մէջ Մատթէոս Զարիֆեանի սիրտը ցնցուեցաւ հեռացած սիրով: Իսկ հայրենիքի մէջ, Պարոյր Սեւակի համար սիրտը նման էր լալահունչ ջութակի. «Ա՜խ, սիրտս նաեւ նման է կարծես… Նման է կարծես նա մի ջութակի, / Որ միակ լարով եօթ լարից շատ է / Ազդում ու յուզում»:

Ապա եկան մեր քաղաքագէտները եւ անոնց մամլոյ ելեւէջները արձանագրող լրագրողները: Այն ժամանակ է որ «ջութակ» բառը դուրս ելաւ իր մեղմ բնաւորութենէն ու գործիք դարձաւ անարուեստ պայքարներու: Արտօնեցէք մէջբերեմ հետաքրքրական յայտարարութիւն մը. «Վարչապետը լինելու է առաջին ջութակը», պէտք է հասկնալ՝ առաջատար դերակատարութիւն ունեցող անձ: Աւելի զարմանալին՝ Հայաստանի ոստիկանութեան թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի ծառայողները մայրաքաղաքին մէջ վերջերս իրականացուցին «Ջութակդ սպանում է քեզ» գործողութիւնը, որ այդպէս է անուանուած, քանի որ բանտերու մէջ ներարկիչը կ՛անուանեն՝ «ջութակ»:
Իբրեւ հրաժեշտ, պէտք է ջութակը հնչէ: Կը փափաքիմ հրաւիրել աւելի քան 800 երգ յօրինած, սիրային երգերու չափ ազատագրական երգեր ստեղծած, այդ պատճառով ալ հետապնդուած, երբեմն ելոյթները արգիլուած, մշտապէս ոստիկանութեան հսկողութեան ներքոյ ապրած, իսկ մէկ անգամ՝ ջութակը բռնագրաւուած Ջիւանին, այն աշուղը, որ իր «սիրելի», «հաւատարիմ», «մտերիմ ընկեր» ջութակը իր ծունկին դրած կը նուագէր: Այժմ ձայն տանք անոր զգայուն թրթռացումներուն. «Ախ, իմ ցաւս դու կ՛իմանաս, մտերիմ ընկեր, ջութակս… Հոգուս ջութակը խանգարուեց, մէկ հատ լար չմնաց, մէկ տ՛ես… Երկուսս էլ հին ենք համարւում, թէ ես, թէ դու, ծեր ջութակս… Եղանակիդ քաղցրութիւնով յաջողութիւն բեր, ջութակս…»:
Յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ, որ դուք ալ ձեր երազներուն մէջ միշտ տեսնէք եւ նուագէք ջութակ: