ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հերոսներին. 44» խորագիրով համերգը` նուիրուած Արցախեան 44օրեայ պատերազմի հերոսներու յիշատակին: Համերգին հրաւիրուած էին զոհուած զինուորներուն ընտանիքներու անդամները:
Համերգին ընթացքին Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի կատարումով հնչեցին Արամ Խաչատրեանի Սիմֆոնիա թիւ 2ը, որ յայտնի է նաեւ «Զանգերով» սիմֆոնիա անունով:
Արամ Խաչատրեանի այս ստեղծագործութիւնը գրուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն: Անիկա ազգային աղէտի դէմ յամառ պայքարի մարմնաւորում է եւ լաւագոյնս կ՛արտայայտէ այն ապրումները, հայրենիքի հանդէպ նուիրուածութիւնն ու անկոտրում պայքարը, զոր դրսեւորեց հայ զինուորը Արցախեան 44օրեայ պատերազմին ընթզցքին:
Համերգին զուգընթաց ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսաշար մը:
Ի՞նչ է, Բաշինեանը Երեւանի անունն ա՞լ բոխէր է: Գրեր էք. Երեւեանի Մէջ՝ Արցախեան 44օրեայ Պատերազմի