ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 24 Յունուարին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հետ ընդունեց Դադիվանք վանական համալիրին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կատարած հոգեւորականներուն մէկ մասը, որոնք շուրջ ութամսեայ ծառայութենէ ետք վերադարձան հերթափոխէն:
Բեգլարեան, բարձր գնահատելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի դերակատարութիւնը հոգեւոր պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ՝ ընդգծեց յատկապէս հոգեւոր ամէնէն կարեւոր արժէքները պահպանելու հարցին մէջ ստանձնած առաքելութիւնը: Ան յայտնեց, թէ համոզուած է, որ, վերջապէս, թէ՛ Դադիվանքի, թէ՛ ընդհանրապէս Արցախի կարգավիճակի, անվտանգութեան եւ արժէքային յաւերժականութեան հարցը կը ստանայ արդարացի լուծում:
Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեան ուժ եւ կորով մաղթեց Դադիվանքի արդէն նախկին եւ ներկայ հոգեւոր սպասաւորներուն` անվտանգ իրականացնելու իրենց առաքելութիւնը` ի շահ Արցախի վերականգնման եւ հզօրացման:
Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով` յետ-պատերազմեան դժուար պայմաններուն մէջ Դադիվանքի վանական համալիրին մէջ անձնուրացաբար հոգեւոր-ծիսական արարողութիւններ կատարելու, վանքախնամ աշխատանքներ իրականացնելու համար «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրուած էին երկու աբեղաներ եւ 3 սարկաւագներ: Պետական նախարարը հանդիպման ներկայ հոգեւորականներուն յանձնեց պետական պարգեւներ։
Բեգլարեան, շնորհաւորելով հոգեւորականները եւ երախտագիտութիւն յայտնելով իրենց ծառայութեան համար՝ վերահաստատեց Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ Արցախի իշխանութիւններուն եւ եկեղեցւոյ միջեւ պետականամէտ եւ ազգակեդրոն սերտ համագործակցութիւնը: