
Կիրակի օր, համայնքս կորսնցուց իր սիւներէն մէկը, երբ երկար տարիներու կրթութեան մարզի ջատագով, գործիչ եւ բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Ան 89 տարեկան էր։
Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, ան աշխատանք տարած էր բարելաւելու եւ հարստացնելու հայկական կրթական ոլորտը եւ հայկական վարժարանները։ Անոր նուիրեալ ջանքերուն շնորհիւ էր, որ Ս. Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրը դարձաւ արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն մանկամսուրներէն մէկը։
Ստանձնելով իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Ալեքսանի, պարտականութիւնը, Աշխէն Փիլաւճեան նաեւ դարձաւ ՀՄԸՄի նուիրեալ զօրակցողներէն մէկը, որովհետեւ ան կը հաւատար, թէ հայ երիտասարդութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունի հայութեան փայլուն ապագայ մը կերտելու գործին մէջ։ 2000ին, ան հանդիսացաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու պատուոյ նախագահը։
Ան եւ անոր ընտանիքը նաեւ ջանք չեն խնայած հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու գործին մէջ եւ նեցուկ կանգնած են հայութեան շահերը պաշտպանող քաղաքական պաշտօնատարներու ընտրական արշաւներուն։
Աշխէն Փիլաւճեան նուիրեալ զօրակցող մըն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ անոր Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղին։ 2008ին, ան արժանացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ժառանգութեան մրցանակ»ին։
Ան նաեւ նիւթապէս նեցուկ կանգնած է հայկական զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու, ներառեալ՝ Ազգային առաջնորդարանին, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, ՀՕՄին եւ շարք մը հայկական վարժարաններու։
Փիլաւճեան նաեւ յոյժ կարեւոր կը նկատէր հայ մամուլի դերակատարութիւնը եւ «Ասպարէզ»ը մնայուն ներկայացութիւն մըն էր իր բնակարանին մէջ եւ թերթին զօրակցելու՝ անոր կեցուածքը քաջալերանքի եւ հպարտութեան աղբիւր մըն էր։
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը, վարչութիւնը եւ անձնակազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Փիլաւճեան ընտանիքին։ Թող ան հանգչի խաղաղութեամբ։