ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան մասնակցած հայ զինուորականներու զօրախումբը վերադարձաւ Հայաստան։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ խաղաղապահ ուժերու ջոկատը հանդիսաւոր արարողութեամբ դիմաւորուեցաւ՝ ներկայութեամբ Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, Հայաստան այցելած Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան պատուիրակութեան եւ հիւրերու:
Պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ ուժերու ջոկատի հրամանատար, գնդապետ Ա. Մանգասարեան ողջունեց անձնակազմը, շնորհակալութիւն յայտնեց գերազանց ծառայութեան համար եւ մաղթեց յաջողութիւններ հետագայ առաքելութիւններու ընթացքին: