ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Կովկասի մէջ իր դրացիներուն հետ սահմանները կարեւոր են Իրանի ապահովութեան համար եւ Թեհրանը պիտի չընդունի իր սահմաններու փոփոխութիւնը, Keyhan Daily-ի հետ ունեցած հարցազրոյցինժ մը ընթացքին, ըսաւ Իրանի գերագոյն առաջնորդի այաթոլլա Ալի Խամենէիի խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի։
Ըստ անոր՝ անցեալի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ երբ կը փոխուին երկիրներու սահմանները, կը յառաջանայ ճգնաժամ, որուն վերջը անյայտ կը դառնայ։
«Հարաւային Կովկասի մէջ մենք սահմանակից ենք Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին։ Մենք չենք արտօներ փոխել սահմանները, որպէսզի հոն հաստատուին Միացեալ Նահանգներու նման յարձակողապաշտ երկիրներ», աւելցուց Վելայաթի։