
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գործընկերները, ընկերները, հարազատները եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի ստեղծած գրականութեան երկրպագուները 13 Յունուարին համախմբուեցան մեծ բանաստեղծին հոգեհանգիստի արարողութեան՝ հրաժեշտ տալու մեր ժամանակներու ինքնատիպ մտածողներէն մէկուն:
13 Յունուարին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի սրահին մէջ, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդը միշտ սիրով կարդացած է Դաւոյեանի ստեղծագործութիւնները եւ արդէն վաթսուն տարի ծանօթ է անոր բանաստեղծական աշխարհին, որ սկսած է «Իմ Աշխարհը» ժողովածուէն: «Դաւոյեանը հաստատուն ուղիով ամբողջ կեանքում իր բանաստեղծական հունը, ճանապարհը, աշխարհը ստեղծեց եւ ոչ միայն բանաստեղծական. գրել է «Ստուերների Միջով», «Ռեքուիեմ» եւ տասնեակից աւելի բանաստեղծական հրաշալի գրքեր, ինչպէս նաեւ միջնադարեան մեծ նկարիչ Թորոս Ռոսլինի մասին արձակ երկը: Ռազմիկ Դաւոյեանը գրել է դրամաներ, հրապարակախօսական յօդուածներ, հասարակական, քաղաքական գործունէութիւն է ծաւալել եւ բազմաթիւ մրցանակների ու շքանշանների արժանացել», շեշտեց Միլիտոնեան՝ աւելցնելով, որ Դաւոյեան հետաքրքրական մարդ էր ու նոյնիսկ վիճելու ատեն կը ժպտէր, երբեք դառնութիւն եւ մաղձ չկային անոր խօսքերուն մէջ:
Ըստ բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանի՝ կան հրաժեշտներ, որոնք նաեւ սկիզբ են: «Ռազմիկ Դաւոյեանն այն ստեղծագործողն է, որը մոլորակ է ստեղծել: Այն կայ եւ ցանկացողը կարող է գնալ այնտեղ, ապրել այդ բանաստեղծութիւններով, շնչել դրանցով, ուժեղանալ: Նման մարդը կը գայ ու կ՛ասի, որ սա իմ երկիրն է: Դաւոյեանի նման մեծութիւնները գալիս են հզօրացնելու մեր հայրենիքը: Վահագն Դաւթեանն ասել է՝ պօէտները շանթարգելներ են եւ չեն թողնում՝ որեւէ շանթ, որեւէ ուժ գայ ու մխրճուի մեր մէջ: Ես համոզուած եմ, որ մեր յաղթանակների գրաւականը նաեւ Ռազմիկ Դաւոյեանի գրականութիւնն է, նրա ապրած կեանքը», ընդգծեց Մանուկեան:
Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբայեան իր կարգին յայտնեց, ոռ Ռազմիկ Դաւոյեան իսկապէս մեծ բանաստեղծ էր: Բաբայեան բախտը ունեցած է անոր հետ յարաբերութիւն մշակելու տարիներ շարունակ, երբ Դաւոյեան Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի յանձնաժողովի նախագահն էր: «Այն մթնոլորտը, որը նա ստեղծում էր ուսանողների համար, նախանձելի էր: Նա այնքան լոյս ու ժպիտ էր սփռում, միշտ լաւ տրամադրութիւն ունէր, հրաշալի ներուժ: Միշտ յիշելու եմ այդ օրերը: Նա սովորեցնում էր անկախ տարիքից, գիտելիքների քանակից յարգել մարդուն: Մենք կորցրինք մեծ մարդու ու մեծ բանաստեղծի», եզրափակեց Բաբայեան:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան յղած էր իր խօսքը։ Արարողութեան ընթացքին խօսքը ընթերցեց ՀՅԴ անդամ Արտաշես Շահբազեան:
«Իննսունական թուականներու սկիզբը, հայրենիքի պետական անկախութիւնը հազիւ հռչակուած՝ խումբ մը մտաւորականներ Երեւանի մէջ դիմաւորեցին Համազգայինը. անոնք փաստօրէն դարձան Հայաստանի Համազգայինի առաջին վարչականները: Անոնցմէ էին Սօս Սարգսեանը, Ռուբէն Յովսէփեանը, որոնք քանի մը տարիներէ ի վեր արդէն մեզի հետ չեն. իսկ այսօր մենք հրաժեշտ կու տանք այդ վարչութեան նախագահ Ռազմիկ Դաւոյեանին, որուն գրականութիւնը վկայ, իր գաղափարներով ու նկարագրով, փաստօրէն շատոնց, նոյնպէս մաս կը կազմէր Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին: Մեր ընկերը իր գաղափարները յայտնած է իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն, բայց զանոնք յստակօրէն բացայայտած է հայկական Կիլիկիոյ պետական կեանքը նկարագրող Թորոս Ռոսլինի անունը կրող արձակ հատորին մէջ…
Իր կեանքին մէջ սերտօրէն գործակցած ըլլալով Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէին հետ, Ռազմիկ Դաւոյեան լաւապէս ծանօթացած է սփիւռքահայութեան եւ անոր հարցերուն. այս ձեւով, արդէն խորհրդային օրերուն, Ռ. Դաւոյեան վերածուած էր համահայկական ներկայացուցչական տիպարի… Իսկ այսօր իր մահուան գոյժը մեզ անակնկալի բերաւ: Գնաց բոլորիս յանձնելով իր հարուստ գրական արգասիքը եւ իր անմոռանալի ժպիտին յիշատակը:
Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Ռազմիկ: Պատիւն արժանաւորաց», իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ Մկրտիչեան։