ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Փեքասուս» օդանաւային ընկերութիւնը դիմեց Հայաստանի «Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէ»ին` Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչք իրականացնելու յայտով:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը հաստատեց Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի բանբեր Սոնա Յարութիւնեան:
«Փեքասուս»ը դիմել է ՀՀ քաղաւիացիայի կոմիտէ` Փետրուարից սկսած շաբաթական 2 չուերթ իրականացնելու յայտով», յայտնեց Յարութիւնեան:
Դիմումը տակաւին կ՛ուսումնասիրուի. այս գծով որոշում պիտի տրուի յառաջիկային։
Աւելի կանուխ, Հայաստանի Հանրապետութեան օդային իշխանութիւնները թոյլատրեցին Flyone Armenia ընկերութեան՝ Երեւան-Պոլիս-Երեւան թռիչքներ կատարելու։