ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան`իր տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ, այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը: Այս մասին յայտնեցին նախագահի աշխատակազմէն:
Հանրապետութեան նախագահը եւ տիկին Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղեցին անոնց շիրիմներուն եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակած հերոսներուն անմեռ յիշատակը: