ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»․- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 26 պատգամաւորներ Անգարայի գլխաւոր դատախազութեան կողմէ կ՛ամբաստանուին «թուրք ազգը եւ թրքական պետութիւնը վիրաւորելու» յանցանքով, պարզապէս որովհետեւ անոնք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած էին՝ ճանաչելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, կը գրէ T24 լրատուական կայքը:
Պատգամաւորները կոչը կատարած էին անցեալ Ապրիլ 24ին։
Ամբաստանեալներուն դէմ հետաքննութիւն կրնայ սկսիլ, եթէ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը հաւանութիւն տայ անոր: