ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Պի.Սի.».- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը անցեալ ամիս ձերբակալած էր Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանին մէջ աշխատող ամերիկացի դիւանագէտ մը՝ Սուրիոյ քաղաքացիի մը կեղծ անցագիր տրամադրելուն համար: Այս մասին հաղորդեց Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ամերիկացի դիւանագէտը ձերբակալուած է Պոլսոյ օդակայանին մէջ եւ ամբաստանուած իր անցագիրէն օրինակ մը Պոլիսէն Գերմանիա մեկնող օդանաւ բարձրանալ փորձող սուրիացիի մը տալու յանցանքով:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն՝ նշեալ դիւանագէտը անձամբ մեկնած է Պոլսոյ օդակայանը՝ կեղծ անցագիրը յանձնելու: Ան անոր փոխարէն ստացած է 10 հազար տոլար գումար մը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ աւելի ուշ հերքեցին այն պնդումը, թէ ձերբակալուած աանձը հիւպատոսրանի պաշտօնեայ է՝ աւելցնելով, որ զայն պաշտպանելու համար սպասարկութիւններ կը տրամադրուին։
Թրքական իշխանամէտ «Սապահ» թերթը նշեց, որ պաշտօնի վրայ գտնուող դիւանագէտները անձեռնմխելիութիւն ունին, սակայն միայն այն երկրին մէջ, ուր հաւատարմագրուած են:
Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը այս մասին որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեց: