ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վերակենդանացումով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ, արդէն կը վերսկսին Պոլիս-Երեւան ուղիղ թռիչքները, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր ընդհատուած էին:
Արդարեւ, շաբաթավերջին, Թուրքիոյ հաղորդակցութիւններու ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ատիլ Քարաիսմայիլօղլու անդրադարձաւ այս նիւթին: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն փոխադարձ թռիչքները պիտի սկսին եւ թէ Թուրքիայէն Pegasus ընկերութիւնը պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Պոլիս-Երեւան ուղղութեամբ թռիչքներ իրականացնելու համար:
Նախարարը թռիչքները սկսելու յստակ թուական չնշեց՝ յայտնելով, որ անիկա այժմ ծրագրման փուլին մէջ է, կողմերը թեքնիկ հարցերու շուրջ կը բանակցին եւ օդակայաններու ղեկավարութիւնները կը քննարկեն այդ հարցերը: Ըստ անոր կանխատեսումներուն՝ այս բոլորը երկար չեն տեւեր:
Հարկ է միջանկեալ նշել, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, արդէն առցանց վաճառքներ սկսած են Պոլիս-Երեւան ուղիղ թռիչքներու համար, նոյնիսկ կը խօսուի սակագինի մասին. միակողմ թռիչքի սակը՝ 85 եուրօ:
«Ազատութիւն» կայանը այս նիւթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ պարզեց, նաեւ Թուրքիայէն, Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր վարչութենէն: Այսպէս, թրքական կողմը հաստատած է ամէն շաբաթ երեք անգամ Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչք իրականացնելու վերաբերեալ Pegasus ընկերութեան դիմումը: Հայաստանէն՝ Fly One Armenia, Armenian Airlines եւ Aircompany Armenia ընկերութիւնները դիմած են Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւններուն՝ նոյն ուղղութեան վրայ թռիչքներ կազմակերպելու համար: Այդ դիմումներու քննարկումը ընթացքի մէջ է: Հայկական ընկերութիւնները տակաւին թրքական կողմի հաւանութիւնը չեն ստացած:
Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութիւնը այս նիւթին վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցած է «Ազատութիւն» կայանին՝ նշելով, որ թրքական կամ հայկական որեւէ ընկերութիւն տակաւին հայկական կողմին չէ դիմած այս հարցին շուրջ: