ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Չորեքշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը առաւել քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի աշակերտներուն հետ:
Կաթողիկոսը գնահատեց կեդրոնի աշակերտներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւնը դասընթացքներուն: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց կեդրոնի կարեւոր դերը՝ հայագիտական նիւթերու զարգացման գծով, ապա անդրադարձաւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի եւ մասնաւորաբար Սփիւռքի մարտահրաւէրներուն:
Այս առիթով, վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնի երկար տարիներու ժրաջան տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանին, որ առողջապահական պատճառով կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, եւ նորանշանակ տնօրէն Ահարոն Շխրտմեանին մաղթեց յարատեւ յաջողութիւն: