ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, 22 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Լուրը հաղորդեց նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ կառավարութեան ընթացիկ ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկրին առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման: