ՆԻԿՈՍԻԱ․- Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ Եռակողմ համագործակցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ կատարուեցաւ «Սփեշըլ Փրիսիժըն Սնայփըրզ-2021» միացեալ ռազմափորձը: Լուրը հաղորդեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը:
Փորձերուն նպատակն էր՝ բարձրացնել մարտունակութիւնը եւ բարելաւել յատուկ առաքելութիւններու կազմակերպումը, նախագծումը եւ իրականացումը:
Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ Եռակողմ համագործակցութեան ծրագիրի իրականացման զուգահեռ, ըստ նախարարութեան, ռազմափորձերը կ՛արտացոլացնեն երեք երկիրներու զինուած ուժերու համագործակցութեան գերազանց մակարդակը: