ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրող Վահրամ Մավեան իր «Անկապ Օրագիր»ին մէջ կը յիշատակէ Լիզպոն գրած իր մէկ օրագրութիւնը, որ պատճառ կ՛ըլլայ մտածելու մեր ներկայ սերունդի հետաքրքրութիւններուն ու շահագրգռութեանց մասին: Օրագիրին մէջ գրողը կը ներկայացնէ երեք տարբեր համալսարանական երիտասարդներու հետ իր ունեցած սրճարանային մէկ հանդիպումը, որուն մասին գրողը կ՛արձանագրէ. «Երեկոն անցաւ հաճելի: Խօսեցանք ազգային պատկանելիութեան եւ այդ գիտակցութեան` մեր ընկերային ըմբռնումներուն, յարաբերութիւններուն վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին. քննադատեցինք անցնող երկու տարիներուն Լոնտոնի բեմերուն վրայ լայն ժողովրդականութիւն գտած թատերական գործ մը. պաշտպանեցինք համալսարանական նոր սերունդին դժգոհութիւնները, հետզհետէ խմորուող ըմբոստութիւնը` հիներուն, տիրող կարգերուն դէմ…»:
Այս տողերու ընթերցումէ ետք կը փորձեմ նժարի վրայ դնել ներկայ սերունդին հետաքրքրութիւններն ու անցեալինը, որոնք ամբողջութեամբ տարբեր ու զանազան են: Մավեանի այս խօսքերուն դիմաց կը յիշեմ անցեալ օր սրճարանի մը մէջ ականջս ծակող խօսակցութիւնը. երիտասարդ աղջիկ մը իր տարեկից ընկերուհիին հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կը պատմէր, որ իր խօսակից տղան «գիշեր բարի» ըսելու փոխարէն «եաթախ քըլապ» կ՛ըսէ… այլ «քըլապ»ին կը յաջորդէր «ինծի իշուկս կ՛ըսէ» պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող յայտնութիւնը, եւ երկու երիտասարդ երկար ժամանակ կը խօսակցին այնպիսի նիւթերու մասին, որ մարդ կ՛ուզէ կա՛մ լռեցնել եւ կա՛մ ձգելով հեռանալ այդ միջավայրէն:
Ժամանակներուն հետ միատեղ մարդոց հետաքրքրութիւններն ալ փոփոխութիւն կը կրեն եւ, այսպիսով, անցեալին կարեւորութիւն ներկայացնող արժէք մը յաջորդող սերունդին մօտ կրնայ անկարեւոր նկատուիլ` մտածողութեան հսկայ վիհեր ստեղծելով զիրար յաջորդող երկու սերունդներուն միջեւ:
Անցեալին, 1850 թուականէն ետք, ի յայտ եկաւ երիտասարդ նոր սերունդ մը` Դուրեանով, Մեծարենցով, Նալպանտեանով, Պէշիկթաշլեանով, Սիամանթոյով եւ բազմաթիւ ուրիշներով, որոնք մահացան քառասուն տարեկան չհասած, սակայն եղան «Զարթօնքի սերունդ» մը: Մեր թուականէն 53 տարիներ առաջ, 1968ին լոյս տեսաւ արձակագիր ու մանկավարժ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» վեցերորդ հատորը, որ գրողին կողմէ կոչուեցաւ «Արուեստագէտ սերունդ»: Օշական իր այդ աշխատութեան միտքին մէջ կը գրէ. «Ամլութեան օրերուն իսկ պիտի կազմաւորուի ուրիշ սերունդ մը, ան, որ կը սիրեմ «արուեստագէտ սերունդ» անուանել»: Նոյն սերունդին մասին խօսելով` հրապարակախօս Շաւարշ Միսաքեան կ՛ըսէ. «Ունէինք սերունդ մը, որ պատրաստ էր գործի վերածելու ցանուած հունտերը»:
Վերոյիշեալ սերունդներէն ետք ահաւասիկ մերօրեայ սերունդը, որ ո՛չ «Զարթօնքի սերունդ»ի տիտաններուն գործերուն ծանօթ է, ո՛չ «Արուեստագէտ սերունդ»ին արուեստը գնահատել ու արժեւորել գիտէ: Նման սերունդ մը ի՞նչ կրնանք կոչել:
Անցեալին կը խօսէին ազգային պատկանելիութեան եւ անոր գիտակցութեան մասին, այսօր մեր նոր սերունդէն քանի՞ն այդ պատկանելիութեան, անոր կարեւորութեան ու գիտակցութեան մասին մտածած ունի. մէկ սերունդէն միւսը կը գերեզմանուի ա՛յդ պատկանելիութիւնը, ու անոնց տեղը կու գան նորերը` անծանօթ մեր ինքնութեան ու բարքերուն:
Անցեալին ուսում չունեցող ռամիկ հայը շա՛տ աւելի գիտակից ու խելահաս էր, քան` նոր սերունդի համալսարանաւարտը: Անցեալին հողագործէն, բանուորէն, մսավաճառէն ու նպարավաճառէն աւելի՛ գիտակից սերունդ ունեցանք, քան` բարձրագոյն ուսում ունեցող անհատէն, որոնց որդիները հիմա, այնպէս ինչպէս ջայլամը իր գլուխը հողին մէջ կը մխրճէ, իրենց գլուխները արդի արուեստագիտութեան չարիքներուն մէջ մխրճած` կը թափառին փողոցները:
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ հողագործ սերունդ մը աւելի առողջ նոր սերունդ մը առաջ բերէ, քան` դաստիարակուած, զարգացած ու ուսման տէր եղող հողագործին զաւակը. պատճառը պարզ է, որովհետեւ հետաքրքրութիւնները կը փոխուին, իմաստալիցը կը փոխարինուի անիմաստով, յարգանքն ու պատիւը կը փոխարինուին անպատուութեամբ ու անկրթութեամբ: Այս բոլորը այնքա՛ն արագ ու սրընթաց փոփոխութիւն կը կրեն, որ ներկայիս տասնհինգ տարեկան պատանին գրեթէ ոչինչ կը գտնէ խօսելու վաթսուն տարեկան եւ վեր մեծերու հետ, որովհետեւ անոնց հասարակաց միա՛կ գիծը վերջապէս իրենց արենակցութիւնը կ՛ըլլայ:
Եթէ Մավեանի սերունդը կէս դար առաջ թատերական ներկայացում մը քննադատելով` անոր արժեւորումը կը կատարէր, այսօր հասակ առնող նոր սերունդը իրմէ շա՛տ աւելի դիտում ունեցած «այլանդակութեան մրցակից»ներն է, որ կը քննադատէ: Պատմութիւնը փա՛ստ է, թէ անցեալին համալսարանականներու բողոքները ինչպիսի՛ յեղափոխութիւններու սկիզբ տուած է. այսօր միակ բողոքը հաւանաբար դաս սորվելու տաղտուկն ու գլխացաւն է պարզապէս:
Օր պիտի ըլլա՞յ, որ ունենանք պիտանի, գիտակից սերունդ մը, որ նո՛ր զարթօնք մը յառաջ բերէ մեր կեանքէն ներս. յոյսը ամօթով չի՛ ձգեր…
«Ժամանակ»