ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի առողջապահութեան մարմինները յայտարարեցին, թէ Կիրակի օր, յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով, առաւել քան 3000 նոր վարակումներ արձանագրուած են գաւառին տարածքին, մինչ վարակումներու թիւերը զգալի աճեր կ՛արձանագրեն Միացեալ Նահանգերու եւ աշխարհի տարածքին։
Աւելի փոխանցիկ «Օմիքրոն» տարբերակը կը սպառնայ իշխանութիւնները առաջնորդել նոր սահմանափակումներու դիմելու, բան մը, որ Հոլանտայի, Դանիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ արդէն իսկ սկած է պարտադրուիլ, զսպելու համար վարակի տարածումը, որ կընայ ծանր բեռան տակ դնել առողջապահական համակարգը։
Կը շեշտուի, թէ պատուաստումները, դիմակներ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահպանելու քայլերը կը շարունակեն մնալ համաճարակը զսպելու լաւագոյն միջոցները։
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վարակուածներու թիւը հասած է 275 միլիոնի, իսկ մահերուն թիւը՝ 5.3 միլիոնի սահմանը անցած է։ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար 51 միլիոն եւ 825,000 են։