ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի կառավարութեան ղեկավար Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստի գումարումը, որ կը միտի երկկողմ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման:
Փաշինեան եւ Ղարիպաշվիլի յայտնեցին, որ երկու երկիրներու տնտեսական կապերու ընդլայնման մեծ ներուժ կայ, արռ այդ, ջանքերը պէտք է ուղղել զայն լաւագոյն եւ արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու:
Երկու երկիրներու ղեկավարները միտքեր փոխանակեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: