
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խորապէս մտահոգ է Քալիֆորնիոյ ընտրատարածքներու նոր սահմաններու առաջարկներով, որոնք կրնան վերջնականանալ 20 Դեկտեմբերին։
Հակառակ այն իրողութեան, որ տասնամեակներէ ի վեր հայահոծ Կլենտէյլը, Պըրպենքը, Լա Քրեսենթան եւ Լա Քընիատա-Ֆլինթրիճ քաղաքները կը գտնուէին քոնկրեսական, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի ու գաւառային նոյն ընտրատարածքներուն մէջ, Քալիֆորնիոյ քաղաքացիական սահմանագծումի յանձնախումբը կ՛առաջարկէ զանոնք ներառել տարբեր ընտրատարածքներու մէջ, իրողութիւն մը, որ կը սպառնայ տկարացնել հայութեան քաղաքական դիրքը, որ իր կարգին կրնայ նուազեցնել հայութեան տրամադրուող պետական սպասարկութիւնները։
Հակառակ այն իրողութեան, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր կը ջանայ հայութեան համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ ապահովել, ցարդ կարելի չէ եղած յատկանշական բարեփոխում ապահովել, մինչ սրբագրութիւն մը կարելի եղած էր ապահովել Լոս Անճելըս քաղաքի ընտրատարածքներուն պարագային, շնորհիւ Հայ Դատին առաջնորդած ժողովրդային արշաւին։
Հայ Դատը անընդունելի կը համարէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ քաղաքացիական սահմանագծումի յանձնախումբը իր սահմանագծումները կը կատարէ 2010ի մարդահամարին տուեալներուն հիման վրայ, հակառակ անոր, որ 2020ի մարդահամարին տուեալները արդէն իսկ տրամադրելի են։
«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր կը ջանայ հայութեան համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ ապահովել», սակայն «ցարդ կարելի չէ եղած յատկանշական բարեփոխում ապահովել»:
Նշում մը եւ ապա՝ առաջարկ մը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին.- Ամէն առիթով եւ զանազան շրջաններու մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբը զօրակցութիւն ցուցաբերած եւ յաճախ՝ գործնական աջակցութիւն տրամադրած է քաղաքական անձնաւորութիւններու, թեկնածուներու, զանազան փոքրամասնութիւններ ներկայացնող կազմակերպութիւններու եւ ծրագիրներու յաջողութեան. բոլոր ժամանակներէ աւելի՝ այսօ՛ր անհրաժեշտ է որ այդ նոյն հետեւողականութեամբ՝ Հայ Դատի յանձնախումբը այդ ոչ-հայ քաղաքական անձնաւորութիւններն ու կազմակերպութիւնները զօրաշարժի ենթարկէ:
Մեր ներդրումներուն շահոյթը ե՞րբ պիտի ստանանք, եթէ ոչ՝ այսօր: