Յովէլ Շնորհօքեան
DiasporArm-ի նպատակային առաքելութիւնը կամուրջ հանդիսանալ է Սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ՝ մտադիր ըլլալով կազմակերպութիւններու, խումբերու եւ անհատներու միջեւ ստեղծելու գործակցութեան պայմաններ՝ բաժնեկցելով արժէքներն ու նպատակները:
Այս ծիրէն ներս կ՛իյնայ Հայ ուսանողներու ցանցի (ՀՈՑ) ստեղծումը, որուն նպատակն է օգնել ուսանողներուն, պատրաստել առաջնորդներու եւ հասարակութեան յաջող ու ազդեցիկ անդամներու վերնախաւային սերունդ մը:
ՀՈՑը կ՛աշխատի ցանցային երեք շերտերու վրայ՝
– Ուսանողներ
– Մանկավարժներ
– Ձեռնարկատէրեր
Մանկավարժներուն դերն է օգնել՝ կատարելով անհրաժեշտ վերահսկողութիւն, ուսանողները կողմնորոշելով՝ կրթութեան, տարբեր դրամաշնորհներու եւ կրթանպաստներու գծով:
Ձեռնարկատէրերը կիսաժամ դրոյքով աշխատանք կ՛առաջարկեն՝ փորձաշրջան, հովանաւորեալ նախագիծեր կ՛իրականացնեն՝ որսալով տաղանդները իրենց ձեռնարկութիւններուն համար:
Երեք շերտերէն իւրաքանչիւրին պարագային ՀՈՑը իրարու կը կապէ գործող կառոյցները, ինչպիսին է՝ Հայկական ուսանողական կազմակերպութիւնները, մասնագիտական ու մանկավարժական կազմակերպութիւններու հետ:
ՀՈՑը կը գործակցի HyeConnect-ի հետ՝ հայկական հասարակութիւնները կապող հարթակ մը, որ պիտի ներկայացնէ ՀՈՑը՝ իւրաքանչիւր ոլորտի (բժշկութիւն, ճարտարագիտութիւն) իր «համայնքներով»:
Ծրագիրը մեկնարկած է Նոյեմբեր 2021ին, իսկ գործարկումը նախատեսուած է 2022ի սկիզբը: