
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, Շաբաթ, 8 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6-9 տեղի պիտի ունենայ How the World Might Be խորագրուած Արա Օշականի լուսանկարչական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը եւ Օշականի ու գրող Գրիգոր Պըլտեանի համագործակցութեամբ լոյս տեսած հատոր-ալպոմին՝ «Displaced/Հատում»ը ներկայացումը։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 5 Փետրուար։
Նշեալ հատորին մէջ լոյս տեսած Լիբանանէն լուսանկարներու կողքին, պիտի ցուցադրուին նաեւ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի նուիրուած Օշականի լուսանկարչական շարքերէն նկարներ։
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: Ցուցադրասրահը բաց է Չորեքշաբթիէն Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 5:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել tufenkianfinearts.com կայքը կամ հեռաձայնել (818) 484-5688 թիւին կամ գրել info@tufenkianfinearts.com հասցէին։
