ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած առցանց վեհաժողովէն մէկ օր ետք, Պայտըն սպառնաց «աննախընթաց պատժամիջներ»ու դիմել Ռուսիոյ դէմ, եթէ յարձակի Ուքրանիոյ վրայ։ Ան նոյն ժամանակ շեշտեց, թէ այս հանգրուանին չի քննուիր ամերիկացի զինուորներու մասնակցութիւնը՝ Ուքրանիան պաշտպանելու ջանքերուն։
Նշեալ ժողովէն անմիջապէս ետք, Պայտըն յայտնեց, թէ կը ծրագրէ խորհրդակցիլ Եւրոպայի ղեկավարներուն հետ՝ աւելցնելով․ «Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ կողմէ որեւէ հակադիր կեցուածք կամ յարձակման փորձ մեզ պիտի մղէ պատժամիջոցներ տնօրինելու: Պատժամիջոցները քաղաքականի կողքին կրնան ըլլալ նաեւ դիւանագիտական, տնտեսական, դրամատնային եւ այլն»:
Ըստ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուի մը՝ արդէն իսկ կապ հաստատուած է գերմանացի պատկան կողմերուն հետ, ի պահանջել հարկին` Ռուսիոյ կազային աղբիւրներու հոսքը դադրեցնելու գծով:
«Ուքրանիոյ դէմ ռուսական ներխուժման պարագային, զինուոր պիտի չուղարկենք Քիեւ, այլ պիտի զօրակցինք Ուքրանիոյ զինուժին սարքերով եւ ռազմափորձերով` նոյն ժամանակ տնտեսական խիստ պատժամիջոցներ կիրարկելով Ռուսիոյ դէմ», յայտնեց ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական, զօրավար Էտըմ Սմիթ: