(ԾՆեալ՝ 7 Մայիս 1944ին)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Մայտա Մարի Պէզճեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 51 Commonwealth Ave., San Francisco, CA 94118, ապա թաղումը՝ Cypress Lawn Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 1370 El Camino Real, Colma, CA 94014։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Կարպիս Պէզճեան
Զաւակը՝ Սագօ եւ Ուաֆա Պէզճեան եւ զաւակները՝ Ալիսա, Սօֆի եւ Միլա
Դուստրը՝ Սիլվա եւ Յարութ Խայալեան եւ զաւակները՝ Յակոբ եւ Դալար
Զաւակը՝ Շանթ եւ Վենսանթ Պէզճեան եւ զաւակը՝ Վահէ
Եղբայրը՝ Շահան Շահվեքիլեան
Տալը՝ Զարմիկ Շահվեքիլեան եւ զաւակները՝ Արա եւ Ալեք
Եղբօր զաւակը՝ Տիգօ եւ Ալեքսիա Շահվեքիլեան եւ զաւակները՝ Ռազմիկ եւ Վաչէ
Խնամիները՝ Նըմըր եւ Նաժուա Մասիս եւ ընտանիք
Յակոբ եւ Ճիզէլ Խայալեան եւ ընտանիք
Ժենիկ Եագօբեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Պէզճեան, Շահվեքիլեան, Մարանկոսեան, Մելիքեան, Քասիս, Հազարեան, Ուզունեան, Տէյիրմէնճեան, Պոյաճեան, Շահինեան եւ Հարտիկ ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի ՔԶՎ Ազգային վարժարանի սրահին մէջ, 825 Brotherhood Way, San Francisco, CA 94132
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղին (ARS Garin Chapter, 51 Commonwealth Ave., San Francisco, CA 94118) կամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (St. Gregory Armenian Apostolic Church, 51 Commonwealth Ave., San Francisco, CA 94118) կամ ՔԶՎ Ազգային վարժարանին (KZV Armenian School, 825 Brotherhood Way, San Francisco, CA 94132):
ՄԱՅՏԱ ՄԱՐԻ ՊԷԶՃԵԱՆի՝ «Ասպարէզ»ի երկար տարիներու հովանաւորին, մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը եւ պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Կարպիս Պէզճեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՅՏԱ ՄԱՐԻ ՊԷԶՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Կարպիս Պէզճեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՅՏԱ ՄԱՐԻ ՊԷԶՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Կարպիս Պէզճեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՅՏԱ ՊԷԶՃԵԱՆի՝ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու եւ Հոգեբանական կեդրոնի գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Կարպիս Պէզճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՅՏԱ ՊԷԶՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ թեմիս երկար տարիներու բարերար ու Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանին, զաւակներուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ