
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նշենք, որ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբը, նկատի ունենալով Արցախի պատերազմի միամեակը եւ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող սադրանքները՝ Հայաստանի նկատմամբ, գործակցաբար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի բարեկամներու շրջանակին պատրաստեց Պաքուն դատապարտող բանաձեւը, որ խորհրդարան ներկայացուեցաւ Արցախի բարեկամներու շրջանակի անդամ խորհրդարանականներու կողմէ:
Բանաձեւը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ գործելու Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի նկատմամբ դադրեցնելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ միջազգային կառոյցները՝ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի բնակչութեան:
Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ թրքական ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերազմին: