ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովը ունեցաւ իր լիագումար նիստը: Կրօնական ժողովին յաջորդող յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ժողովին այլ թեմերու պատկանող անդամները: Հանդիպումին ատենապետութիւնը յաջորդաբար վարեցին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:
Վեհափառը ժողովին բացումը կատարելով՝ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց անցող ամիսներուն կաթողիկոսարանի գործունէութեան՝ վարչական, տնտեսական, յարաբերական, շինարարական եւ այլ երեսներուն: Ան շեշտեց, թէ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, կաթողիկոսարանը իր համազգային առաքելութիւնը շարունակեց:
Լայն քննարկումի նիւթ դարձաւ Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան վերաբերող Ֆանարի ժողովրդային տուներու, Պուրճ Համուտի ժողովրդային բնակարաններու, կարիքաւորներու օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած նիւթական ներդրումները: Յիշեալ եւ այլ ծրագիրներ առանցքային տեղ գրաւեցին կաթողիկոսարանի առաքելութեան մէջ: Ժողովականները գնահատանքով անդրադարձան վեհափառին նախաձեռնութեամբ թէ՛ կաթողիկոսարանին եւ թէ բարերարներու ներդրումով ընկերային ծառայութեան մարզին մէջ կատարուած աշխատանքներուն:

Զեկոյց տրուեցաւ կաթողիկոսարանի տնտեսական ընդհանուր կացութեան մասին, որուն մէջ պարզուեցաւ, թէ Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական եւ դրամատնային տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ, կաթողիկոսութեան թեմերու եւ բարերարներու օժանդակութիւնը կարեւոր նկատուեցաւ:
Արամ Ա. յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ զուիցերիաբնակ ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու կողմէ կաթողիկոսարանին միջոցաւ Լիբանանի հայութեան կատարուած օժանդակութիւններուն, յատկապէս ընկերային-բժշկական բնագաւառին մէջ:
Օրակարգի երկրորդ բաժինին մէջ ժողովը հանդիպումներ ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի, Ազային Բուժարանի, Ազգային Ծերանոցի, Հայագիտական կեդրոնի, «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական կեդրոնի եւ յարակից այլ կառոյցներու տնօրէններուն ու խնամակալներուն հետ: Ժողովը լսեց անոնց զեկոյցները, իր գնահատանքը յայտնեց եւ նոյն ժամանակ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց: Ապա, քննարկուեցան թեմերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Յիշեալ ժողովերուն պիտի յաջորդեն կաթողիկոսին նախագահութեամբ Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներուն խառն նիստերը: