ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2 Դեկտեմբերին, Երեւանի Ս? Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Արցախեան 44օրեայ պատերազմին նահատակուած եւ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր անհետ կորսուած համարուող «Ցոր» զօրամասի 11 հրետանաւորներուն:
Ամիս մը առաջ՝ 2 Նոյեմբերին Արցախի Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքի խաչմերուկին, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին ընկերակցութեամբ, ատրպէյճանական կողմը հայկական կողմին յանձնեց արցախեան 3րդ պատերազմին զոհուած եւ անհետ կորսուած համարուող 11 աճիւններ, իսկ այս 9 հրետանաւորներուն աճիւնները անոնց մէջ էին:
Զինուորներուն մասունքները հարազատներուն յանձնուեցան օրեր առաջ: Անոնք յետ մահու պարգեւատրուեցան Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական Խաչ» շքանշանով:
Զինուորականներուն յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը նշեց, որ բոլորս կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ, կը յիշենք անոնց արիութիւնը եւ սխրանքները ու բոլորս պատրք ունինք՝ իրականացնելու անոնց երազները, ապահով, շէն ու բարօր դարձնելու Հայաստանը եւ Արցախը, որոնց պաշտպանութեան համար անոնք իրենց կեանքը ընծայեցին:
«Հայցենք Ողորմած Տիրոջը, որ հանգստութիւն ու խաղաղութիւն պարգեւի Իր հաւատարիմ ծառաների հոգիներին եւ մխիթարութիւն ու սփոփանք՝ նրանց ծնողներին, հարազատներին ու մերձաւորներին: Հայցենք, որ մեր երկրի համար դժուարին այս ժամանակներում զօրացնի մեր ժողովրդին յոյսով, հաւատով ու սիրով՝ ծանր փորձութեանը համբերութեամբ եւ տոկունութեամբ դիմակայելու, ցաւն ու նեղութիւնները քաջաբար յաղթահարելու եւ ամզն ջանք ներդնելու մեր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ զօրացման կենսական առաքելութեան մէջ:
«Թող երկնաւոր Տէրը Իր Սուրբ Աջի ամենախնամ հովանու ներքոյ ապահով ու անվտանգ պահի Հայոց բանակի քաջազուն զօրականներին եւ հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովրդին: Հանգչէք խաղաղութեամբ անմահ նահատակներ, մեր ժողովրդի սիրելի զաւակներ», իր պատգամը եզրափակեց կաթողիկոսը: