ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Երեքշաբթի օր, արեւելեան Ատրպէյճանի Խըզըյի շրջանին մէջ գտնուող ռազմական օդակայանին մօտերը պատահած ռազմական ուղղաթիռի արկածին պատճառով 14 զինուորներ մահացան եւ վիրաւորուեցան երկու ուրիշներ, կը հաղորդէ երկրին պետական սահմանապահ ծառայութիւնը:
Մահացածներէն 13ը սպաներ էին, ներառեալ՝ մէկ գնդապետ եւ մէկ փոխգնդապետ: