ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ երեսփոխաններ առաջարկեցին Ֆրանսան հեռացնել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն:
Երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկուլիեւ յայտարարեց, որ Ֆրանսա՝ իբրեւ Մինսքի խմբակի անդամ, բացայայտ կերպով կ՛աջակցի Հայաստանին եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ 44օրեայ պատերազմին սպաննուած հազարաւոր երիտասարդներու արեան համար:
«Նման քայլերով Ֆրանսան կ՛արգելակէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը: Ատրպէյճան պէտք է ջանքեր գործադրէ Ֆրանսան Մինսքի խմբակի համանախագահութենէն հեռացնելու համար։ Հայերուն համակրող այդ երկրին հանդէպ վերաբերմունքը երբեք պիտի չփոխուի: Ատրպէյճան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Ֆրանսայի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները», յայտարարեց Հասանկուլիեւ:
Ֆրանսայի դէմ արտայայտուեցաւ նաեւ Հիքմեթ Պապաօղլու: Ըստ անոր, ֆրանսացի պաշտօնատար անձերու ոչ-պատշաճ քայլերը տարակուսանք կը յառաջացնեն, Ֆրանսա կը խանգարէ համագործակցութիւնը, որ շրջանին մէջ նոր իրողութիւններու լոյսին տակ պիտի զարգանայ:
Երեսփոխան Թուրալ Կիանճալիեւ իր կարգին ըսաւ, որ Ֆրանսա պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ Հարաւային Կովկասի, յատկապէս Ատրպէյճանի նկատմամբ իր վարած քաղաքականութեան, այլապէս «այդ երկրին հեղինակութիւնը աւելի պիտի նուազի»:
Յիշեցնենք, որ Մինսքի խմբակին մաս կը կազմեն Պելոռուսը, Գերմանիան, Իտալիան, Շուէտը, Ֆինլանտան եւ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, իսկ անոր համանախագահներն են՝ Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգները: