
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Գոհաբանութեան օրուան 24րդ տարեկան միջազգային թելեթոնը ի մի բերաւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, կոչ ուղղելով՝ շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու հայրենիքի վերականգնման, նոյն ժամանակ հաշուետուութիւն ներկայացնելով անցեալ 12 ամիսներուն իրականացուած ծրագիրներուն մասին:
«Վերակառուցել հայրենիքի հեռաւոր համայնքները» նշանաբանով թելեթոնը օժանդակութիւն ապահովեց 44օրեայ պատերազմէն տուժած հայաստանեան ու արցախեան բազմաթիւ համայնքներու, ներառեալ՝ շուրջ 100,000 տեղահանուած եւ բռնագաղթած անձերու համար:
Թելեթոնը տեղի ունեցաւ 25 Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի մէջ: Չորս ժամեայ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան համայնքային ղեկավարներ եւ դպրոցներու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ սփռուեցան կարճ վաւերագրական ժապաւէններ՝ ամբողջացուած ծրագիրներու, հայրենիքի մարդասիրական շարունակուող կարիքներուն ու զանոնք հոգալու կոչուած նոր ծրագիրներու մասին:
Մինչեւ թելեթոնի աւարտը, 12,351,000 տոլար հաւաքուած էր հայրենիքի օժանդակութեան համար: Այս գումարը կը ներկայացնէ 2021ի ընթացքին աշխարհի տարածքին հաւաքուած ընդհանուր գումարը՝ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Գանատայի, եւ աշխարհի տարածքին այլ հայկական համայնքներու մէջ:
Հայաստան հիմնադրամը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ: Ապահով նուիրատուութիւն մը կատարելու համար այցելեցէք եւ սեղմեցէք հետեւեալ յղումին վրայ՝ armeniafund.org/donate:
Հայաստան հիմնադրամին կողմէ հայրենիքին յատկացուող օժանդակութիւնը կ՛ընդգրկէ մարդասիրական հրատապ օգնութիւն, բնակարաններու կառուցում, բժշկական ամբողջական օժանդակութիւն, ենթակառոյցներու նորոգում ու զարգացում, եւ մշակութային վերականգնումի ծրագիրներ, ներառեալ՝ տեղահանուած համայնքներու համար դպրոցաշինութիւն եւ արուեստներու դասաւանդում:

«Աշհարհասփիւռ հայ համայնքին կողմէ ցուցաբերուած միասնականութեան ոգին իսկապէս ոգեւորիչ է», թելեթոնի աւարտին յայտնեց Հայաստան հիմնադրամի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարիա Մեհրանեան, որ աւելցուց. «Հայոց նորագոյն պատմութեան այս ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին, բացարձակապէս պէտք է շարունակենք թիկունք կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին»:
Միւս կողմէ, 27 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 30րդ նիստը, զոր վարեց Հայաստանի նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան: Նիստի բացման մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակը:
Նիստը քննեց Հայաստանին նուիրուած դրամական միջոցներուն գործածութեան մասին զեկոյցները եւ որոշեց հանդէս գալ յայտարարութեամբ:
«Իրավիճակը եւ իրադարձութիւններն իրենց ազդեցութիւնն են թողել նաեւ հիմնադրամի գործունէութեան եւ աշխատանքների վրայ՝ ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Արցախում», ըսաւ նախագահ Սարգսեան, աւելցնելով, որ «ներկայումս աւելի է հասունացել հիմնադրամի արդիականացման պահը»:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ներկայացուց 2020-21ին, Արցախի եւ Հայաստանի շարք մը համայնքներու առողջապահական, ընկերային, մշակութային, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած լայնածաւալ ծրագիրները: Հաստատուեցան 2020ի նիւթական եւ ծրագրային հաշուետուութիւնները, 2021ի ամավարկը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան հիմնադրամի ապագայ ծրագիրները:
Խորհուրդը որոշեց երեք տարիով հաստատել Արշամեանը՝ գործադիր տնօրէնի պաշտօնին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հարիւր հազարաւոր նուիրատուներուն։