Թեհրանի մէջ իր աւարտին հասաւ աշխարհի բանակայիններու ըմբշամարտի 35րդ ախոյեանութիւնը, որուն մասնակցեցան 21 երկիրներէ մօտաւորապէս 300 մարզիկներ:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի կազմը տիրացաւ 8 մետալներու (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 5 պրոնզ) եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Խմբային այս յաջողութեան մէջ իր բաժինը ունեցաւ նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը՝ իր տիրացած 5 մետալներով (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ):