Այս տարի, Ս. Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրը կը նշէ իր հիմնադրութեան 30ամեակը եւ այդ առիթով, մանկամսուրը դաստիարակչական եւ այլ խաղալիքներու, ինչպէս նաեւ հագուստներու հաւաքի մը նախաձեռնած էր՝ աջակցութիւն տրամադրելու համար կարիքաւորներուն, նոյն ժամանակ աշակերտներուն մէջ սերմանելու նուիրելու եւ կարիքաւորներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարեւորութեան գիտակցութիւնը։
Մանկամսուրը որոշած է հաւաքուած աջակցութիւնը տրամադրել հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայրին՝ Դսեղի, մէջ գտնուող նախամանկապարտէզին, որ այսպիսի օժանդակութեան յոյժ կարիքը ունէր։
Խաղալիքներուն եւ հագուստներուն կողքին, հաւաքուեցաւ նաեւ 3000 տոլար գումար մը, որուն մէկ մասը պիտի տրամադրուի առաքման, իսկ մնացեալը՝ դարձեալ Դսեղի նախամանկապարտէզին։