ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սպիտակ տունը վերջերս յայտարարեց, որ առաւել քան 100 երկիրներ հրաւիրած է մասնակցելու 9-10 Դեկտեմբերին առցանց տեղի ունենալիք «Ժողովրդավարութեան վեհաժողով»ին:
Վեհաժողովին հրաւիրուածներու շարքին են Հայաստան եւ Վրաստան, բայց ոչ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք բռնապետական երկիրներ են: Հետաքրքրականը այն է, որ վերջին երկու երկիրները չէին դժգոհած վեհաժողովէն իրենց բացակայութեան դէմ, մինչեւ որ իմացան Հայաստանին յղուած հրաւէրին մասին:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է հետեւեալը. «մեր ժամանակի մարտահրաւէրն է՝ ցոյց տալ, որ ժողովրդավարութիւնները կրնան գործել՝ «բարելաւելով իրենց սեփական ժողովուրդի կեանքը եւ լուծելով աշխարհի առջեւ ծառացած ամէնէն մեծ հարցերը»: Ըստ նոյն յայտարարութեան՝ նախագահը «վերականգնեց մեր դաշինքները մեր ժողովրդավար գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ՝ համախմբելով աշխարհը՝ ոտքի կանգնելու մարդկային իրաւունքներու խախտումներու դէմ, լուծելու կլիմայական ճգնաժամը եւ պայքարելու համաշխարհային համաճարակին դէմ, որոնց կարգին՝ պատուաստանիւթերու հարիւրաւոր միլիոնի չափաբաժիններ նուիրելով աշխարհի զանազան երկիրներու»:
«Այս վեհաժողովէն մօտաւորապէս մէկ տարի ետք տեղի պիտի ունենայ երկրորդ՝ ֆիզիքական ներկայութեամբ վեհաժողովը: Առցանց վեհաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ ընթացիկ տարուան 9-10 Դեկտեմբերին, պիտի քաջալերէ յանձնառութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները երեք հիմնական թեմաներով՝ պաշտպանութիւն ընդդէմ բռնապետութեան, փտախտի դէմ պայքար եւ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի խթանում: Մէկ տարուան խորհրդակցութիւններէ, համակարգումէ եւ գործողութիւններէ ետք, նախագահ Պայտըն պիտի կազմակերպէ համաշխարհային ղեկավարներու հանդիպում մը, անգամ մը եւս ցուցադրելու համար իրենց յանձնառութիւններու ուղղութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացը: Երկու վեհաժողովները պիտի համախմբեն պետութիւններու, քաղաքացիական եւ բարեգործական ազմակերպութիւններու ու մասնաւոր հատուածի շռջանակներու ղեկավարները, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ համաշխարհային ղեկավարներու՝ լսել միմեանց եւ իրենց քաղաքացիներուն, կիսել յաջողութիւնները, խթանել միջազգային համագործակցութիւնը եւ անկեղծօրէն խօսիլ ժողովրդավարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու մասին, որպէսզի միասին ամրապնդեն հիմքերը, ժողովրդավարութեան նորացման համար», կ՛ըսուի Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:
Նշեալ յայտարարութենէն ետք ծաւալեցաւ բուռն քննարկում մը այն մասին, թէ ինչո՛ւ կարգ մը երկիրներ հրաւիրուած են վեհաժողովին, իսկ ուրիշներ՝ ոչ: Ակնյայտ է, որ այս վեհաժողովին նպատակն է՝ զինակցութիւն ձեւաւորել Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ՝ ընդդէմ իր մրցակիցներուն՝ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ: Արդեօք հրաւիրուած ղեկավարներէն ոմանք ունի՞ն մտահոգութիւն, որ զիրենք կը նկատեն իբրեւ «արեւմտամէտ» եւ «ընդդէմ Չինաստանի ու Ռուսիոյ»: Ասիկա յատկապէս զգայուն հարց է Հայաստանի համար, որ ռազմական եւ տնտեսական ամուր կապեր ունի Ռուսիոյ հետ եւ կը գտնուի Չինաստանի հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացին մէջ: Ինչպէ՞ս կը վերաբերին Չինաստան եւ Ռուսիա՝ նման հակամարտ վեհաժողովի մը Հայաստանի մասնակցութեան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը, պէտք է լրջօրէն մտածէ այսպիսի վեհաժողովի մը իր մասնակցութեան ուղղուած ռուսական բացասական արձագանգին մասին: Սակայն մասնակցութենէն հրաժարիլը եւս կրնայ համապատասխան հետեւանքներ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ:
Մինչ Հայաստան կ՛ողջունէ իրեն ուղղուած հրաւէրը ժողովրդավարութեան վեհաժողովին, Փաշինեան, դժբախտաբար, նահանջած է ի սկզբանէ իր հռչակած ժողովրդավարական արժէքներէն՝ հետապնդելով կամ բանտարկելով ցուցարարներ, լռեցնելով լրատուական միջոցներ եւ տալով միակողմանի որոշումներ՝ առանց հասարակութեան կամ նոյնիսկ իր իշխող շրջապատին մէջ գտնուողներու կարծիքը նկատի առնելու: Փաշինեան՝ բրեւ անձ մը, որ իշխանութեան եկաւ ժողովրդավարական գաղափարներ պաշտպանելով, յունիսեան ընտրութիւններուն տարօրինակօրէն իրականացուց քարոզարշաւ մը՝ մուրճը ձեռքին պահելով եւ սպառնալով ջարդել քաղաքական իր հակառակորդներուն գլուխները:
Հայաստանը հրաւիրելով նշեալ վեհաժողովին՝ Միացեալ Նահանգները, հաւանաբար, կը հրապուրէ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ մերձեցում ունենայ Արեւմուտքի հետ:
«Վեհաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած ամերիկացի պաշտօնեան «Ռոյթըրզ»ի յայտնեց, որ աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններէն հրաւէրներ յղուած են ժողովրդավարութեան մէջ զանազան փորձառութիւն ունեցող երկիրներու: «Խօսքը չէր վերաբերեր հաստատելու, որ «դուք ժողովրդավարական էք, իսկ դուք ժողովրդավարական չէք»: Ասիկա այն գործընթացը չէ, որուն մէջէն անցած ենք մենք»: Պայտընի վարչակազմի պաշտօնեաները կ՛ըսեն, որ իրենք պէտք էր «ընտրութիւն կատարէին»՝ ապահովելու համար տարածաշրջանային բազմազանութիւն եւ լայն մասնակցութիւն», կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»ը:
Բնականաբար, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա այնքան ալ գոհ չէին, որ վեհաժողովին հրաւիրած են Հայաստանը, մինչ զիրենք անտեսած էին: «ԱզերՆիւզ» թերթին մէջ հրապարակուած՝ «Ժողովրդավարութեան Վեհաժողովը Կամ Երկակի Չափանիշներու Վառ Օրինակը» խորագիրով յօդուածին մէջ Այա Լմահամատ մեջբերած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր Վուկար Իսքանտարովի այն խօսքը, որմով ան դժգոհութիւն կը յայտնէ. «Ծիծաղելի է, որ երկիրներ, ինչպէս՝ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Հունգարիա, որոնց ժողովրդավարութեան մակարդակը շատ աւելի բարձր է, քան հրաւիրուած երկիրներէն շատերունը, չեն հրաւիրուած վեհաժողովին»: Իսքանտարով պէտք է բոլորովին կոյր ըլլայ՝ չտեսնելու համար մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնապետական վարչակարգերուն:
Ատրպէյճանական «Տէյ.ազ» լրատուական կայքը աւելի հեռու երթալով՝ կը պնդէ, որ Հայաստան հրաւիրուած է շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկահայերու ազդեցութեան։ «Պէտք չէ խորանալ նախորդ տարիներուն մէջ, բաւարար է տեսնել, թէ ի՛նչ եղած է եւ կը շարունակուի տեղի ունենալ Ուաշինկթըն-Հայկական Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին: Ամերիկեան դիւանագիտութեան խոնարհումները Երեւանի նկատմամբ, հակա-ատրպէյճանական անվերջ քննարկումները եւ հայկական լոպիի պնդումով տրուած որոշումները խօսուն ապացոյցներ են», կը գրէ «Տէյ.ազ»ը:
Թէեւ ատրպէյճանական այս կայքը ամբողջապէս ուռճացուած գնահատական տուած է Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայերու հզօրութեան մասին, այսուամենայնիւ, ըսուածը ողջունելի հաճոյախօսութիւն մըն է: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կրնան չվախնալ Հայաստանէն, բայց այնպէս կ՛երեւի, որ անոնք կը սարսափին Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիի քաղաքական ազդեցութենէն…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ